Երեւանի Կապոյտ Մզկիթը ԵՈՒՆԵՍՔՕի ցանկին վրայ ընդգրկելու համար յայտ ուղարկուած է Իրան

By Asbarez | Tuesday, 23 January 2018

0123bluemosque

Հայաստանի մշակոյթի նախարարութիւնը Երեւանի Կապոյտ մզկիթը ԵՈՒՆԵՍՔՕի մշակութային ժառանգութեան ցանկին վրայ ընդգրկելու գործընթացի ծիրին մէջ յայտ ուղարկած է Իրանի իր գործընկերներուն՝ ուսումնասիրութուններու եւ եզրակացութեան համար: Այս մասին, ըստ <<ՓանԱրմինիըն>>ի՝ կը յայտնէ Հայաստանի մշակոյթի փոխնախարար Արեւ Սամուէլեան:

Ըստ իրանեան կարգ մը լրատուամիջոցներու՝ Իրանի մշակութային ժառանգութեան, ձեռարուեստի եւ զբօսաշրջութեան կազմակերպութեան նախագահ Հոսէյն Թալեբիան կը յայտնէ, որ մզկիթին մօտ գտնուող շարք մը կառոյցներ կը խոչընդոտեն գործընթացը: Ան կ՛աւելցնէ, որ հարցը քննարկուած է Իրանի մօտ Հայաստանի դեսպան Արտաշէս Թումանեանի հետ:

2013ին, Հայաստանի մշակոյթի նախարարութիւնը յայտարարած էր, որ մտադիր է Երեւանի Կապոյտ մզկիթը ԵՈՒՆԵՍՔՕԻի մշակութային ժառանգութեան ցանկին վրայ ներկայացնելու գործընթաց սկսելու: Իրանեան կողմը ողջունած էր նախաձեռնութիւնը:

Նախապէս փախանցած էինք, որ Իրան յայտարարած է Նոր Ջուղայի մէջ գտնուող հայկական Ս. Ամենափրկիչ եկեղեցին արձանագրել ԵՈՒՆԵՍՔՕի համաշխարհային մշակութային ժառանգութեան ցանկին վրայ ընդգրկելու մասին: Իրանի մէջ  գտնուող երեք հայկական եկեղեցիներ արդէն արձանագրուած են ցանկին վրայ:

 



comments