Լեւոն Մկրտչեան կը մասնակցի Կրթութեան Համաշխարհային համաժողովին

By Asbarez | Tuesday, 23 January 2018

0123levonmegerdchian

ԵՐԵՒԱՆ - Կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեան 22էն 24 Յունուար կը մասնակցի Լոնտոնի մէջ տեղի ունեցող Կրթութեան համաշխարհային համաժողովին: 96 երկիրներու ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ ընթացող համաժողովը նախարարներու մակարդակով կը քննարկէ այն մարտահրաւէրներն ու հնարաւորութիւնները, որոնք կը վերաբերին կրթութեան որակի բարելաւման եւ պայմանաւորուած են ընկերային-տնտեսական զարգացման գործին մէջ կրթութեան դերի բարձրացման անհրաժեշտութեամբ:


comments