By Asbarez | Tuesday, 23 January 2018
Ֆրանսայի հայ համայնքը այս տարի, դարձեալ օրակարգի պիտի բերէ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնելու հարցը: Այս մասին, ըստ <<Արմէնփրէս>>ի, յայտնեց Ֆրանսայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Յարութ Մարտիրոսեան:
<<Աշխոյժ կերպով կ՛աշխատինք իրաւաբաններու հետ: Անպայման լուծում պիտի գտնենք հարցը կրկին օրակարգի բերելու համար: Ասիկա միայն Հայ Դատի հարց չէ. Ֆրանսայի մէջ գործող հայկական կազմակերպութիւնները իրենց ջանքերը կ՛ուղղեն այս գործին>>, ըսաւ Յարութ Մարտիրոսեան:
Տարուան ընթացքին Ֆրանսայի մէջ Հայ Դատի յանձնախումբը պիտի շարունակէ հայկական հարցերու հետ կապուած աշխատանքը: Յարութ Մարտիրոսեան ըսաւ, որ այս տարի շատ ընելիք կայ խորհրդարանական դաշտին մէջ:
<<Ընտրութիւններէն ետք խորհրդարանի պատգամաւորներուն մեծ մասը փոխուած է եւ բոլորը չեն, որ բաւական լաւ տեղեկացուած են հայկական հարցերուն վերաբերեալ: Հետեւաբար, մենք պէտք է աշխոյժ աշխատանք տանինք պատգամաւորներուն հետ>>, բացատրեց ան:
Այս տարի կը նախատեսուի կազմակերպել Ֆրանսայի քաղաքական եւ հասարակական գործիչներու այցը Հայաստան եւ Արցախ: Յարութ Մարտիրոսեան նշեց, որ լաւ առիթ է Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան անկախութեան հռչակման 100ամեակը:
<<Կը նախատեսենք մասնակցիլ յոբելեանի ծիրին ներս Հայաստանի մէջ սպասուող ձեռնարկներուն՝ հրաւիրելով Ֆրանսայի քաղաքական եւ հասարակական գործիչներ: Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան անկախութեան հռչակման 100ամեակին առիթով ձեռնարկներ պիտի իրականացնենք Ֆրանսայի մէջ՝ համախմբելով մեր գործընկերները: 100ամեակին պէտք է աշխոյժ կերպով աշխատիլ, վերհանել հայ-ֆրանսական բարեկամութեան պատմութեան էջերը: Ի դէպ, քիչերուն յայտնի է, որ Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան անկախութեան տարիներուն Ֆրանսայի մէջ կար մեր երկրի դեսպանութիւնը>>, ընդգծեց Յարութ Մարտիրոսեան:
Ան յայտնեց, որ տարուան ընթացքին Ֆրանսայի հասարակութեան պիտի ներկայացուին գիրքեր, ֆիլմեր՝ կապուած Արցախի իրաւունքներու պաշտպանութեան, Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտողականութեան եւ այլ հարցերու մասին:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ