By Asbarez | Wednesday, 24 January 2018
ՄՈՍԿՈՒԱ, <<Քոմերսանթ>> - Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց, թէ Սուրիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու քայլերը <<ճամբէ հանած են Թուրքիան>>:
Ի պատասխան այն հարցումին, թէ արդեօք Ռուսիոյ ձեռնտու չէ՞ իրանեան հիւլէական համաձայնութեան տապալումը, որովհետեւ, այդ պարագային, Միացեալ Նահանգներ պիտի ըլլայ առաւել մեկուսացած, իսկ Իրան շարք մը հարցերու մէջ աւելի դիւրին համաձայնութեան պիտի գայ Ռուսիոյ հետ՝ Լաւրով ըսած է. <<Բազմաթիւ փորձագէտներ կը հարցնեն, թէ ինչո՛ւ մենք այդքան կ՛անհանգստանանք, եւ կ՛ըսեն՝ որքա՛ն վատ, այնքա՛ն լաւ. թող Միացեալ Նահանգները ապացուցէ համաշխարհային գործերուն մէջ իր աւերիչ դերն ու համաձայնութեան գալու ունակութեան բացակայութիւնը՝ ըլլայ ատիկա Իրանի թէ Սուրիոյ մէջ, ուր նոյնպէս կ՛իրականացուին միակողմանի գործողութիւններ, որոնք այսօր արդէն ճամբէ հանած են Թուրքիան>>:
Իր կարգին, Ռուսիոյ նախագահութեան բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտնեց, որ Ռուսիա մօտէն կը հետեւի հիւսիսային Սուրիոյ մէջ թրքական զինուորական գործողութեան՝ աւելցնելով. <<Մոսկուա կապի մէջ է թրքական եւ սուրիական ղեկավարութեանց հետ>>:
Իր կարգին, ամերիկեան ղեկավարութեամբ միջազգային դաշինքին մօտ Միացեալ Նահանգներու յատուկ պատուիրակ Պրեթ ՄըքԿըրք նշեց, որ <<Իսլամական պետութեան>> դէմ կռիւը տակաւին չէ աւարտած, եւ բոլոր դաշնակիցներուն կոչ ուղղեց կեդրոնանալու այդ պայքարին վրայ, եւ <<ջանքերը կողմնակի կռիւներու վրայ չմսխելու>>:
<<Հիւսիսային Սուրիոյ մէջ կացութիւնը շատ բարդ է, որովհետեւ միջազգային դաշինքը հոն ուղղակի ներկայութիւն չէ։ Աֆրինի շրջանին մէջ յառաջացած նոր կացութիւնը շարք մը մարտահրաւէրներ կը ստեղծէ>>, աւելցուց ան։
<<Ներկայիս ամէնէն վատ բանը, որ կարելի է ընել Սուրիոյ մէջ, <<Իսլամական պետութեան>> դէմ մեծ ճակատամարտէն շեղում ստեղծելն է>>, ընդգծեց ՄըքԿըրք՝ աւելցնելով. <<Անշո՛ւշտ մտահոգ ենք մեր թուրք դաշնակիցներուն անվտանգութեամբ, սակայն կը շեշտեմ, որ <<Իսլամական պետութեան>> դէմ պայքարը կը մնայ առաջնահերթութի՛ւն>>:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ