By Asbarez | Wednesday, 24 January 2018
ՀԱԼԷՊ, <<Գանձասար>> - Երկուշաբթի, Յունուար 22ին, Սուրիոյ խորհրդարանը դատապարտեց Թուրքիոյ թշնամական յարձակումը սուրիական Աֆրին քաղաքին դէմ՝ կոչ ուղղելով միջազգային խորհրդարաններու ընկերակցութեան եւ Իսլամական Համագործակցութեան կազմակերպութեան անդամ երկիրներուն, որ նմանապէս դատապարտեն այդ քայլը:
Խորհրդարանի նախագահ Համմուտա Սապպաղ դիտել տուաւ, որ Էրտողանի վարչակարգը Աֆրինի դէմ այսպիսի յարձակում մը կազմակերպելով՝ Թուրքիան կ՛առաջնորդէ ահաբեկչութեան, սպանդի եւ միջազգային օրէնքներու ոտնահարման, միաժամանակ աւելցնելով, որ Սուրիոյ եւ սուրիացիներուն ուղղուած այս յարձակումը, երկրի բնակչութեան սպանութիւնն ու անոր բնակարաններուն քանդումը մարդկութեան դէմ Թուրքիոյ գործած ոճիրներուն շարունակութիւնը կը համարուին:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ