Քիւրտերը պիտի ջանան մաշեցնել յարձակող Թրքական բանակը

By Asbarez | Wednesday, 24 January 2018

0117syr

ՊԷՅՐՈՒԹ - <<Մայատին>> արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Աֆրինի դէմ Թուրքիոյ սկսած յարձակումէն ի վեր, քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներուն եւ սուրիական ղեկավարութեան միջեւ համակարգում գոյութիւն ունի:

Լաւատեղեակ աղբիւրներ միաժամանակ յայտնած են, որ քրտական ջոկատները, բանակցութիւններու ընթացքին, մերժած են սուրիական բանակին Աֆրին մուտքը՝ նախընտրելով առանձին ստանձնել անոր պաշտպանութիւնը։ Քրտական ջոկատները Աֆրինի շրջանը բաժնած են 4 մասերու, որոնց միջեւ երթեւեկը արգիլուած է:

<<Մայատին>> կը հաղորդէ, որ Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատները կը ջանան երկարատեւ գործողութեան մը ճամբով մաշեցնել թրքական բանակը:

Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերը նաեւ Ռուսիոյ եւ միջազգային դաշինքին կոչ ուղղեցին յստակացնելու Աֆրինի դէմ թրքական յարձակման նկատմամբ իրենց կեցուածքը:

Իր կարգին, Մարդկային իրաւանց սուրիական դիտարանը հաստատեց, որ քրտական ղեկավարութեամբ նշեալ ուժերը վերատիրացած են Շանքալ եւ Ատմանլի գիւղերուն, ուր Կիրակի օր մուտք գործած էին թրքական զինեալ ուժերը:

Միւս կողմէ, ըստ <<Սփութնիք>>ի՝ Թուրքիոյ փոխվարչապետ Պեքիր Պոզտաղ յայտնած է, որ Անգարա Ռուսիոյ կամ այլ երկիրներու չէ խոստացած, թէ <<Ձիթենիի ճիւղ>> գործողութիւնը պիտի սահմանափակուի Աֆրին քաղաքով:

Իսկ քիւրտ պաշտօնատար մը <<Ռոյթըրզ>> լրատու գործակալութեան ըսած է, որ թրքական յարձակումին իբրեւ հետեւանք, Սուրիոյ քիւրտերը հաւանաբար չմասնակցին Սոչիի խաղաղութեան խորհրդաժողովին:

Թուրքիոյ մէջ, մինչ ընդդիմադիր կուսակցութիւններէն երկուքը՝ հանրապետականներն ու ազգայնամոլները, կը զօրակցին կառավարութեան այս յարձակումին, քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարութիւն կուսակցութիւնը դէմ է Աֆրինի գործողութեան։ Հետաքրքրական է այն, որ այս կուսակցութեան խօսնակ Այհան Պիլկեն հարց տուած է, թէ նման յարձակումի մը ընթացքին խորհրդարանը ինչպէ՞ս որոշած է արձակուրդի երթալ։ <<Խորհրդարանը դիտմամբ փակեցին, որպէսզի Աֆրինի հարցը հոն չծեծուի ու այս մասին բանավէճ տեղի չունենայ>>, յայտնեց ան։

 



comments