Վարչապետը Զուիցերիոյ նախագահին հետ կը քննարկէ երկկողմ հարցեր

By Asbarez | Wednesday, 24 January 2018

 

0124davos

ՏԱՒՈՍ, <<Նիուզ>> - Համաշխարհային տնտեսական համաժողովին մասնակցելու համար Տաւոս  գտնուող Հայաստանի վարչապետ Կարէն Կարապետեան Երեքշաբթի, 23 Յունուարին, հանդիպեցաւ Զուիցերիոյ նախագահ Ալեն Պերսեթի հետ:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան երկկողմ գործակցութեան օրակարգի հարցեր: Զրուցակիցները գոհունակութիւն յայտնեցին քաղաքական յարաբերութիւններու բարձր մակարդակէն եւ ընդգծեցին երկու երկիրներուն միջեւ առեւտրատնտեսական կապերու զարգացման ու խորացման կարեւորութիւնը:

Կողմերը անդրադարձան նաեւ տնտեսութեան տարբեր ճիւղերու մէջ գործարար ծրագիրներու իրականացման հնարաւորութիւններուն:

Տաւոսի մէջ, վարչապետ Կարապետեան նոյն օրը հանդիպումներ ունեցաւ միջազգային մեծ ընկերութիւններու ղեկավարներու հետ:

Կարէն Կարապետեանի առաջին հանդիպումը խորհրդատուութեան ոլորտի <<Մեծ եռեակ>>ի ընկերութիւններէն մէկուն՝ <<Պի.Սի.Ճի>> (Boston Consulting Group, BCG) ընկերութեան նախագահ Հանս-Փօլ Պիորների հետ էր:

Նշենք, որ <<Մեծ եռեակ>>ին մէջ, բացի <<Պի.Սի. Ճի.>>էն, ընդգրկուած են նաեւ McKinsey եւ  Bain & Company ընկերութիւնները: Ներկայիս <<Պի.Սի.Ճի>> ընկերութիւնը գրասենեակներ ունի 50 երկիրներու մէջ:

Վարչապետի յաջորդ հանդիպումը <<ՎԷՈՆ>> (VEON) ընկերութիւններու խումբի գլխաւոր գործադիր տնօրէն Ժան Իվ Շարլիէի եւ արտաքին կապերու ղեկավար Մարք Մաքկանի հետ էր:

Կարէն Կարապետեան յայտնեց, որ Հայաստան կը գնահատէ <<ՎԷՈՆ>>ի հետ հաստատուած համագործակցութիւնը եւ յոյս ունի, որ ընկերութիւնը կ՛ընդլայնէ իր գործունէութիւնը Հայաստանի մէջ եւ կ՛աւելցնէ ներդրումներու ծաւալը:

ՎԷՈՆի ներկայացուցիչները նշեցին, որ բաւարարուած են 2017ի արդիւնքներով, եւ իրենց ծրագիրները պիտի շարունակուին Հայաստանի մէջ:

<<Մենք լաւատեսութեամբ կը նայինք Հայաստանին ու տարածաշրջանին, եւ կը կարծենք, որ անիկա առաւել գրաւիչ կը դառնայ օտաերկրեայ ներդրողներու համար>>, ըսաւ Ժան Իւ Շարլիէն:

 



comments