By Asbarez | Wednesday, 24 January 2018
Հայաստան դարձաւ միջազգային ծովային կազմակերպութեան (IMO) անդամ՝ միանալով համապատասխան պայմանագիրին: Այս մասին, ըստ <<Արմէնփրէս>>ի՝ նշուած է ՄԱԿի կայքին վրայ:
Հայաստան դարձաւ 173րդ երկիրը, որ կ՛անդամակցի սոյն կազմակերպութեան՝ երեք անդամներով:
Միջազգային ծովային կազմակերպութիւնը միջազգային ոչ-կառավարական կազմակերպութիւն մըն է, որ կ՛ենթարկուի ՄԱԿ Գլխաւոր վեհաժողովին. անոր մասնագիտութիւնն է՝ միջազգային առեւտրական նաւագնացութեան հետ կապուած ճարտարագիտական հարցերու շուրջ գործակցութեան եւ տեղեկատուութեան փոխանակման ոլորտը:
Հոկտեմբեր 2017ին, Հայաստանի Ազգային ժողովինին մէջ, ներկայացնելով Միջազգային ծովային կազմակերպութեան մասին պայմանագիրը՝ Հայաստանի փոխադրամիջոցի, կապի եւ տեղեկատուական ճարտարագիտութիւններու փոխնախարար Գագիկ Գրիգորեան յայտարարած էր, որ Հայաստան, միանալով պայմանագիրին՝ պիտի կարենայ իր դրօշը բարձրացնել նաւերուն վրայ:
Պայմանագիրին միանալուն շնորհիւ՝ Հայաստանի ընկերութիւնները կրնան իրենց նաւերուն եւ լաստանաւերուն վրայ հայկական դրօշը բարձրացնել: Հանրապետութիւնը կրնայ ընդունիլ նաեւ արտասահմանեան նաւերու հաշուառումները, որովհետեւ այդ հարցով ծովային իրաւունքի սահմանափակումներ չկան: Բացի այդ, պայմանագիրը պիտի կանոնակարգէ այդպիսի նաւերու ընդունումը նաւահանգիստներու մէջ:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ