By Asbarez | Wednesday, 24 January 2018
Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն 23 Յունուարին, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ հանդիպումէն ետք յայտարարեց, որ Ֆրանսան միշտ պիտի ըլլայ Հայաստանի կողքին:
Ըստ <<Արմէնփրէս>>ի՝ Ֆրանսայի նախագահը <<հետաքրքրական>> գնահատանքը տուաւ Հայաստանի նախագահին հետ իր հանդիպումը՝ աւելցնելով, որ Հայաստան երկար ճանապարհ անցած է՝ կառուցելով կայուն ժողովրդավարական երկիր արեւմուտքի ու արեւելքի միջեւ:
<<Այս բարդ տարածաշրջանին մէջ Ֆրանսան ձեր կողքին պիտի ըլլայ եւ պիտի օժանդակէ, որ դէպի յառաջ շարժիք: 2018ը շատ կարեւոր է Հայաստանի համար>>, ըսաւ Մաքրոն՝ աւելցնելով, որ Մայիս 28ին Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան 100ամեակին, Ֆրանսայէն պիտի մասնակցի արտաքին գործոց նախարարը:
Նոյն ատեն, Էմանուէլ Մաքրոն պաշտօնապէս հաստատեց, որ յաջորդ Հոկտեմբերին պիտի այցելէ Հայաստան՝ ֆրանսախօս երկիրներու գագաթնաժողովին մասնակցելու նպատակով:
<<Մեր հանդիպման ընթացքին որոշեցինք լայնցնել ֆրանսերէնի դերը կրթութեան մէջ, ընդլայնել Ֆրանսական համալսարանը, ստեղծել մշակութային կեդրոն: Նոյն ժամանակ, կ՛ուզեմ գնահատել Հայկական Սփիւռքի դերը եւ յիշեցնել, որ 30 Յունուարին պիտի մասնակցիմ Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի ընթրիքին>>, ըսաւ Ֆրանսայի նախագահը:
Ըստ Մաքրոնի՝ հայ-ֆրանսական յարաբերութիւնները կը պահանջեն առաւել աշխուժութիւն եւ փոխանակութիւն՝ զբօսաշրջութեան, գիւղատնտեսութեան, կենսոլորտի եւ ծրագրային ապահովման ոլորտներուն մէջ:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ