By Asbarez | Thursday, 25 January 2018
ԹԵՀՐԱՆ, ԵՐԵՒԱՆ, <<Ֆարս>>, <<Ազատութիւն>> - Յունուար 24ին, արդէն հինգերորդ օրն ըլլալով, տակաւին կը շարունակուի Սուրիոյ հիւսիսը եւ քիւրտերու հակակշիռին տակ գտնուող Աֆրին քաղաքին վրայ թրքական բանակին եւ սուրիացի ընդդիմադիրներուն սկսած համատեղ յարձակումը: <<Ձիթենիի ճիւղ>> կոչուած այս գործողութեան ծիրին մէջ, թրքական բանակը կը պնդէ, որ իր վերահսկողութեան տակ առած է սահմանամերձ գօտիին վրայ գտնուող շարք մը գիւղեր եւ բարձունքներ: Թրքական կողմէն գործողութեան մէջ ներգրաւուած են գլխաւորաբար հրասայլային ստորաբաժանումներ, հրետանիներ եւ յատուկ ջոկատայիններ:
Դատելով քրտական կողմէն տարածուող տեսանիւթերէն՝ անոնց ղեկավարած Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատները թեթեւ սպառազինութիւն կը գործածեն, ինչպէս նաեւ նռնականետներ:
Քիւրտերու դէմ պայքարի ծանրութեան հիմնական մասը կը գտնուի թուրքերուն հետ դաշնակցած արաբական եւ թիւրքմէն ջոկատներու ուսերուն, եւ այդ պատճառով է, որ վերջին հինգ օրերուն, թրքական կողմը միայն երեք զոհ տուած է, մինչ անոր դաշնակիցներուն շարքերէն սպաննուած են աւելի քան 200 զինեալներ։ Թրքական աղբիւրներու համաձայն՝ սպաննուած են նաեւ աւելի քան 260 քիւրտ զինեալներ։
Մինչ այդ, քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատները յայտարարեցին, որ հակայարձակում գործած են Քասթալ Ճընտոյի բարձունքին ուղղութեամբ՝ սպաննելով 8 զինեալներ ու վիրաւորելով 13 ուրիշներ, ինչպէս նաեւ փախուստի մղած են մնացեալ զինեալները: Թրքական <<Անատոլու>> լրատու գործակալութիւնը հաստատած էր, որ թրքական բանակին աջակցութիւնը վայելող զինեալները նահանջած են Ճապալ Պըրսայայէն:
Քրտական ղեկավարութեամբ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերու բանբերը յայտնեց, որ Աֆրինի դէմ թրքական ռմբակոծումին պատճառով, 18 քաղաքայիններ զոհուած են եւ 3 զինեալներ սպաննուած:
Թուրքիոյ նախագահութիւնը իր կարգին հաղորդեց. <<Աֆրինի գործողութիւնը պիտի շարունակուի, մինչեւ որ ահաբեկիչները շրջանէն մաքրագործուին եւ տեղահանուածները վերադառնան իրենց բնակավայրերը>>:
Թուրքիոյ իշխանութիւնները շարունակ կը յիշեցնեն, որ Թուրքիա ինքնապաշտպանութեան իր իրաւունքը կը գործածէ այս գործողութեան կապակցութեամբ։
Ռազմական գործողութեան զուգահեռ, Թուրքիա կը փորձէ ամրապնդել իր դիրքերը նաեւ դիւանագիտական ճակատի վրայ: Երեքշաբթի ուշ երեկոյեան կայացած է Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ նախագահներուն հեռախօսազրոյցը, որուն ընթացքին Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան եւ Վլատիմիր Փութին քննարկած են Աֆրինի մէջ ծաւալած վերջին իրադարձութիւնները։
<<Երկու կողմերը ընդգծած են ճգնաժամի յաղթահարման ուղղուած համատեղ գործողութիւններուն կարեւորութիւնը: Այդ նպատակով իրագործուող քայլերը պէտք է հիմնուին Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան գաղափարներուն հանդէպ յարգանքին վրայ>>, նշուած է Քրեմլինի մամլոյ ծառայութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ:
Իր կարգին, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլուտ Չաւուշօղլու կրկնեց, թէ Միացեալ Նահանգները պէտք է դադրեցնէ սուրիացի քիւրտերուն աջակցութիւն ցուցաբերելը:
Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց փոխնախարարի տեղակալ եւ Անգարայի հետ յարաբերութիւններու հարցով յատուկ պատուիրակ Ճոնաթան Քոհենի գլխաւորութեամբ, ամերիկեան պատուիրակութիւն մը Անգարա կը գտնուի, թուրք պաշտօնատարներու հետ՝ Աֆրինի դէմ սկսած զինուորական գործողութեան եւ դատական համագործակցութեան շուրջ քննարկումներ կատարելու համար:
Թրքական դիւանագիտական աղբիւր մը <<Անատոլու>> լրատու գործակալութեան յայտնած է, թէ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կը կազմեն նաեւ Փենթակոնէն պաշտօնատարներ, քննարկումներ կը կատարէ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն եւ թրքական բանակի սպայակոյտէն պաշտօնատարներու հետ:
Միւս կողմէ, ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդը Յունուար 23ին գումարեց Աֆրինի դէմ թրքական յարձակումին նուիրուած իր ժողովը՝ առանց այդ հարցին առնչութեամբ որոշում որդեգրելու կամ յայտարարութիւն հրապարակելու:
Փարիզի պահանջով գումարուած արտակարգ ու դռնփակ նիստի աւարտին, ՄԱԿի մօտ Ֆրանսայի մնայուն ներկայացուցիչ Ֆրանսուա Տէօլաթեր <<խոր մտահոգութիւն>> արտայայտեց հիւսիսային Սուրիոյ մէջ <<շարունակ մագլցում>> արձանագրող այս կացութեան հանդէպ: Ֆրանսայի դեսպանը վերահաստատեց իր երկրի արտաքին գործոց նախարար Ժան-Իվ լը Տրիանի կատարած այն յայտարարութիւնը, ուր վերջինս թրքական իշխանութիւններուն կոչ կ՛ուղղէր <<ինքնազսպումի դիմելու>>:
Խորհրդակցութիւններէն ետք, խորհուրդի անդամ որեւէ երկրի ներկայացուցիչ յայտարարութիւն չկատարեց: Լաւատեղեակ աղբիւր մը <<Մայատին>> արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնած է, թէ ՄԱԿի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Նիքի Հէյլի չէ մասնակցած նշեալ նիստին:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ