Միջազգային Իրաւապաշտպան Կազմակերպութեան տեղեկագիրը լեցուն է Թուրքիոյ ուղղուած քննադատութիւններով

By Asbarez | Thursday, 25 January 2018

 

0119humanrights

ՊՈԼԻՍ, <<Մարմարա>> - Մարդկային իրաւանց դէտ միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը հրապարակեց 543 էջերէ բաղկացած զեկուցում մը՝ աշխարհի աւելի քան 90 երկիրներու վերաբերեալ։ <<Ամերիկայի Ձայն>>ի թրքալեզու կայքէջը կը հաղորդէ սոյն լուրը՝ գրելով հետեւեալը. <<Այս տեղեկագիրին Թուրքիոյ վերաբերեալ բաժինը ժխտական կէտեր կը բովանդակէ, եւ Թուրքիա, Եգիպտոս ու Չինաստան ներառուած են ցանկին մէջ ա՛յն երկիրներուն, ուր կը տիրեն մարդու իրաւունքները ոտնահարող ամբոխավարական ուժեր, իսկ ընդդիմադիրները բռնութեամբ կը ճնշուին։

Տեղեկագիրին մէջ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն վարած քաղաքականութիւնը քննադատուած է, եւ կը նշուի, թէ նախագահ Էրտողան <<էապէս ոչնչացուցած է ժողովրդավարական համակարգը, իսկ Եւրոմիութիւնը դէպի Եւրոպա գաղթականներու հոսքը կանխարգիլելու ոլորտին մէջ, այս փուլին՝ Էրտողանի աջակցութեան կարիքն ունի>>։ Տեղեկագիրին մէջ Թուրքիոյ յատկացուած է 7 էջ ու անդրադարձ կայ 2017ի Ապրիլի հանրաքուէին, զինուորական նորագոյն հարուածէն ետք արտակարգ իրավիճակի դրութեան, մամլոյ նկատմամբ կիրարկուած խիստ գրաքննութեան, բազմաթիւ լրագրողներու ու ընդդիմադիր քիւրտ գործիչներու բանտարկութեան դէպքերուն մասին։

<<Իշխանութեան գլուխ գտնուող անձը, իր պաշտօնին վրայ մնալու համար, նախագահական նոր համակարգ մը ընդունիլ տուաւ, բայց այդ վարչաձեւը պարտութիւն է մարդու իրաւունքներու եւ իրաւունքի գերակայութեան համար։ Այս համակարգը զուրկ է գործադիր լիազօրութիւններու չարաշահումներու դէմ վերահսկող ու հաւասարակշռող որեւէ միջոցէ։ Սահմանափակուած են խորհրդարանի իրաւասութիւնները եւ նախագահին կողմէ իրաւական հարցերը հսկողութեան տակ առնելու ճամբաներ բացուած են>>, կը նշուի տեղեկագիրին մէջ։

Կազմակերպութիւնը կը յիշեցնէ նաեւ, որ Թուրքիա բանտարկեալ լրագրողներու թիւով աշխարհի մէջ առաջատար է, եւ որ ներկայիս հոն բանտարկուած են լրատուական աշխարհի աւելի քան 150 անդամներ, իսկ անոնց ուղղուած անհիմն մեղադրանքներով եւ առանց բաւարար ապացոյցներու ընթացող դատավարութիւնները կ՛ապացուցանեն, որ դատական համակարգը անկախ չէ։

Ուշադրութիւն հրաւիրուած է ա՛յն հանգամանքին վրայ նաեւ, թէ կ՛ոտնակոխուին Թուրքիա ապաստանած մօտաւորապէս երեք միլիոն սուրիացի փախստականներուն իրաւունքները եւ անոնց երեխաներէն շատերը, փոխանակ դպրոց յաճախելու, կը շահագործուին՝ աշխատելով անմարդկային պայմաններու մէջ>>։

 




comments