By Asbarez | Thursday, 25 January 2018
Շաբաթ, 20 Յունուարին Սթրազպուրկի մէջ, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան մասնակցեցաւ Եւրոպայի Խորհուրդին Հայաստանի նախագահին անունով պաշտօնական յուշանուէրի՝ հայկական խաչքարի, յանձնման հանդիսաւոր արարողութեան:
Խաչքարը Հայաստանի նուէրն է Եւրոպայի Խորհուրդին՝ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական համաձայնագիրի ուժի մէջ մտնելու 65ամեակին առիթով:
Հայկական խաչքարը տեղադրուեցաւ Եւրոպայի խորհուրդի շէնքին դիմաց:
Խաչքարին հեղինակն է Արտակ Համբարձումեան: Անիկա 17րդ դարու խաչքարի մը կրկնօրինակն է:
Խաչքարի բացումը կատարեցին նախագահ Սարգսեան եւ Եւրոպայի Խորհուրդի գլխաւոր քարտուղար Թորպէորն Եակլանտ: Հանրապետութեան նախագահը եւ Թորպէորն Եակլանտ արարողութեան առիթով հանդէս եկան ելոյթներով:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ