Աֆրինը Թուրքիոյ գերեզման պիտի դարձնենք. Սուրիոյ Քիւրտերու կանանց զօրախումբը

By Asbarez | Friday, 26 January 2018

0126ypj

ԵՐԵՒԱՆ, <<Էրմենիհապեր>> - Սուրիոյ քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներու կանանց թեւը զգուշացուցած է Թուրքիան, որ ռազմական գործողութիւններ սկսած է քիւրտերու վերահսկողութեան տակ գտնուող սուրիական Աֆրին շրջանին մէջ:

Քրտական ANF լրատուական գործակալութեան թրքական ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ նշեալ ջոկատներու կանանց թեւին կողմէ հրապարակուած գրաւոր յայտարարութեան մէջ ըսուած է.

<<Այսօր (Յունուար 25) 6րդ օրն է, երբ Թուրքիան եւ անոր հովանիին տակ գտնուող հրոսակները կը շարունակեն անդադար յարձակիլ Աֆրինի վրայ: Մենք եւ Աֆրինի ժողովուրդը պատմական դիմադրութիւն կը ցուցաբերենք: Աֆրինի հողերը Թուրքիոյ եւ հրոսակներուն համար գերեզման պիտի դարձնենք, անոնք պիտի զղջան, որ հոս ոտք դրած են>>։

Յայտարարութեան մէջ նաեւ ըսուած է, որ թրքական ուժերը այս քանի մը օրերուն ընթացքին իրենց վրայ յարձակած են հրասայլերով եւ ռազմական ինքնաթիռներով, սակայն իրենք դիմած են պատասխան գործողութիւններու:

<<Այս տարածքներուն մէջ, այս օրերուն, ուժեղ մարտեր կ՛ընթանան եւ դեռ կը շարունակուին: Այս մարտերուն, թուրք հրոսակները մեծ կորուստներ կրած են, սակայն անոնք կը թաքցնեն իրենց կորուստները: Անոնց մամուլին մէջ կը  հրապարակուին սուտ լուրեր, իբր թէ քրտական կողմը ունի շատ կորուստներ: Մինչ վերջին 5 օրերուն կռիւներուն, մենք տուած ենք միայն 7 զոհ: Խօսք կու տանք, որ պիտի պաշտպանենք մեր հողերը եւ մեր ժողովուրդը>>, ըսուած է յայտարարութեան մէջ:

Մինչ այդ, Աֆրինէն քրտական աղբիւր մը <<Մայատին>> արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնած է, թէ քրտական կողմը կ՛ողջունէ սուրիական կառավարութեան հետ համաձայնութեան մը ծիրէն ներս՝ սուրիական բանակին մուտքը Աֆրին:

Աղբիւրը յայտնած է նաեւ, որ քիւրտերը զէնք բարձրացուցած են <<ինքնապաշտպանութեան համար, այլ ոչ թէ սուրիական կազմին իբրեւ թշնամանք>>, շեշտելով, որ քիւրտերը <<չեն փորձեր Սուրիոյ պետութենէն անջատուիլ, այլ անոնք սուրիական ազգային հասարակութեան մէկ մասն են>>:

Ըստ նշեալ քրտական աղբիւրին, սուրիական բանակին Աֆրին մուտքին դիմաց՝ քիւրտերը կը պահանջեն <<մաս կազմել քաղաքական հոլովոյթին>>: Ինչ կը վերաբերի քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներու զէնքին, ապա <<ատիկա պիտի վերադարձուի սուրիական պետութեան, որովհետեւ արդէն անոր կը պատկանի>>:

<<Անջատողական ծրագիր չունինք, այլ մեր առաւելագոյն ձգտումը հայրենիքին մէջ մեր իրաւունքներուն մէկ մասը ունենալն է>>, նշած է քրտական աղբիւրը։

Միւս կողմէ, Թուրքիոյ բանտերուն մէջ գտնուող քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան կին համանախագահն ու այլ կին պատգամաւորներ ու քաղաքապետներ, Աֆրինի գործողութեան դէմ եռօրեայ հացադուլի սկսած են:

 



comments