By Asbarez | Friday, 26 January 2018
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, <<Ազատութիւն>> - <<Սպիտակ տունը կը ստէ Էրտողան-Թրամփ հեռաձայնի զրոյցի մանրամասնութեանց վերաբերեալ>>, կը պնդեն թրքական իշխանութիւնները: Այս մասին Յունուար 25ին յայտնած են Թուրքիոյ նախագահի աշխատակազմին մօտիկ աղբիւրներ՝ չբացայայտելով սակայն իրենց ինքնութիւնը:
Թուրքիոյ պետական <<Անատոլու>> գործակալութեան համաձայն՝ նշեալ աղբիւրները կը պնդեն, որ Միացեալ Նահանգներու եւ Թուրքիոյ նախագահներուն միջեւ Չորեքշաբթի գիշեր կայացած զրոյցէն ետք ամերիկեան կողմին տարածած պաշտօնական հաղորդագրութիւնը կը խեղաթիւրէ զրոյցին շարք մը կարեւոր դրուագներուն էութիւնը:
Այսպէս, Սպիտակ տան տարածած հաղորդագրութեան համաձայն՝ Թրամփ իր թուրք պաշտօնակիցին <<կոչ ըրած է մեղմացնելու Սուրիոյ հիւսիսը ստեղծուած լարուածութիւնը, սահմանափակելու ռազմական գործողութիւններուն ծաւալները եւ խուսափելու քաղաքացիական զոհերէն>>:
Թրամփ նաեւ կոչ ըրած է թրքական կողմին, որ զգուշօրէն գործէ, խուսափելու համար ամերիկեան եւ թրքական ստորաբաժանումներուն միջեւ բախումի մը վտանգէն:
Յիշեցնենք, որ ներկայիս Սուրիոյ հիւսիսը կը գտնուին մօտաւորապէս 2000 ամերիկացի զինուորականներ:
Սպիտակ տան հաղորդագրութեան համաձայն՝ Թրամփ նաեւ խստօրէն քննադատած է Միացեալ Նահանգներու հասցէին Թուրքիոյ մէջ հնչող յայտարարութիւնները՝ զանոնք որակելով <<սուտ եւ ապակառուցողական հռետորաբանութիւն>>: Սակայն, թրքական կողմը կը պնդէ, որ Թրամփին վերագրուող այս յայտարարութիւններէն ո՛չ մէկը նախագահներու զրոյցին ընթացքին կատարուած է: <<Երկու նախագահները բաւարարուած են <<Ձիթենիի ճիւղ>> գործողութեան վերաբերեալ կարծիքներ փոխանակելով>>, նշած են <<Անատոլու>>ի զրուցակիցները՝ աւելցնելով, որ Էրտողան դարձեա՛լ պահանջած է Թրամփէն, որ զէնք չտրամադրէ Սուրիոյ քրտական ուժերուն:
Միւս կողմէ հաղորդուած էր, որ Աֆրինի գործողութեան ընթացքին նահատակուած թուրք զինուորներուն թիւը երեքի բարձրացած է։ Սպայակոյտի նախագահութիւնը հաստատեց, որ գործողութեան չորրորդ օրը երկու զոհ եւս տրուած է, սակայն բանակը չէ կրցած հասնիլ անոնց դիակներուն։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ