By Asbarez | Friday, 26 January 2018
ԵՐԵՒԱՆ, <<Էրմենիհապեր>> - Գերմանիոյ իշխանութիւնները որոշած են սառեցնել նախապէս Թուրքիոյ վաճառուած <<Leopard 2>> հրասայլերու արդիականացումը, ինչպէս նաեւ նոր հրասայլերու վաճառքը, իբրեւ հակադարձութիւն Գերմանիոյ հասարակութեան մէջ տարածուած այն վրդովմունքին, որ յառաջացած է այն իրողութենէն, թէ Թուրքիա գերմանական արտադրութեամբ հրասայլեր կ՛օգտագործէ Աֆրինի մէջ քիւրտերու դէմ շղթայազերծուած զինուորական գործուղութեան ընթացքին։
Թրքական <<Տեմոքրաթհապեր>> լրատուական կայքը, յղում կատարելով գերմանական <<Շփիկըլ>> թերթին՝ կը գրէ, որ հասարակական վրդովումքին վրայ գումարուած է նաեւ գերմանական ընդդիմադիր կուսակցութիւններու ճնշումը։
Գերմանիոյ իշխանութիւնները արդէն յայտարարած էին, թէ անհանգստացած են Սուրիոյ հիւսիսը ստեղծուած իրավիճակէն։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ