ԵԱՀԿ առաքելութիւնը չէ կրցած տեսողական կապ հաստատել սահմանագիծին երկու կողմը դիտարկում իրականացնող խումբերուն միջեւ

By Asbarez | Friday, 26 January 2018

0126OSCE

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ - Արցախի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն հետ ձեռք բերուած համաձայնութեամբ՝ ԵԱՀԿ առաքելութիւնը, 25 Յունուարին, հրադադարի ծրագրային դիտարկում իրականացուց Արցախի եւ Ատրպէյճանի զինուած ուժերու սահմանագիծին վրայ՝ Մարտակերտի շրջանի Թալիշ գիւղէն դէպի հիւսիս գտնուող հատուածին վրայ:

Ըստ Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան տեղեկատուական վարչութեան փոխանցած տեղեկութիւններուն՝ Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի դիրքերէն դիտարկումը իրականացուցին ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ (ԳՆԱՆ) դեսպան Անճէյ Քասփըրչիկ, անոր դաշտային օգնականներ Միխայիլ Օլարու (Մոլտովա) եւ Օկնեն Եովիչ (Պոսնիա եւ Հերցեկովինա): Սահմանագիծին հակառակ կողմէն դիտարկումը իրականացուցին ԵԱՀԿ ԳՆԱՆ դաշտային օգնական Կենատիէ Փեթրիկա (Մոլտովա) եւ ԳՆԱՆ գրասենեակի աշխատակից Մարթին Շուսթեր (Գերմանիա):

Դիտարկումը անցաւ ըստ նախատեսուած ժամանակացոյցին, սակայն խիտ մառախուղին պատճառով, կարելի չէ եղած տեսողական կապ հաստատել սահմանագիծի երկու կողմերուն դիտարկում իրականացնող խումբերուն միջեւ:

Դիտարկման առաքելութեան արցախեան կողմէն ուղեկցեցան Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան եւ պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչները:

 



comments