Կարապետեան եւ Հարիրի քննարկեցին տնտեսական կապերու ընդլայնման հեռանկարները

By Asbarez | Friday, 26 January 2018

0126hariri

Տաւոսի մէջ շարունակուող Համաշխարհային տնտեսական համաժողովի ծիրին մէջ, 24 Յունուարին տեղի ունեցաւ Հայաստանի վարչապետ Կարէն Կարապետեանի հանդիպումը Լիբանանի վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ:

Հայաստանի կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ Կարէն Կարապետեան յայտնեց որ Հայաստան եւ Լիբանան ունեցած են աւանդաբար ամուր եւ բարեկամական յարաբերութիւններ, եւ Հայաստանի կառավարութիւնը շահագրգռուած է զանոնք առաւել եւս խորացնելով եւ ընդլայնելով: Վարչապետները նաեւ կարեւոր համարեցին Լիբանանի հայ համայնքի դերը երկու երկիրներուն միջեւ փոխգործակցութեան եւ ամուր կապերու առկայութեան տեսանկիւնէն:

Կարէն Կարապետեան իր գործընկերոջ ներկայացուց Հայաստանի տնտեսական զարգացման միտումներն ու նախաձեռնուած բարեփոխումները՝ նշելով, որ անցեալ տարի բաւական լաւ ցուցանիշներ արձանագրուած են, եւ կառավարութիւնը վճռական է շարունակելու բարեփոխումները: Անդրադառնալով համագործակցութեան հեռանկարներուն՝ Հայաստանի վարչապետը տեղեկացուց, որ Հայաստան, ըլլալով ԵԱՏՄ անդամ, Եւրոմիութեան հետ ունենալով GSP+ առեւտրական վարչաձեւ եւ Համապարփակ ու ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիր, շատ լաւ յարաբերութիւններ ունենալով Իրանի հետ, կրնայ հետաքրքրական ըլլալ լիբանանցի գործարարներուն եւ ներդրողներուն համար:

Լիբանանի վարչապետ Սաատ Հարիրի, իր հերթին, յայտնեց, որ իրենք մտադիր են սերտօրէն աշխատելու Հայաստանի եւ հայկական գործարար շրջանակին հետ ու պատրաստակամ են յստակ քայլեր իրականացնելու այդ ուղղութեամբ:

Սաատ Հարիրի վարչապետ Կարէն Կարապետեանը հրաւիրեց այցելելու Լիբանան. Հայաստանի վարչապետը սիրով ընդունեց հրաւէրը:

Այս առիթով, Հայաստանի վարչապետը իր <<ֆէյսպուք>>ի էջին վրայ կատարած է հետեւեալ գրառումը. <<Լիբանանի վարչապետին հետ հանդիպումը անցաւ մեր երկիրներուն բնորոշ շատ ջերմ մթնոլորտի մէջ: Քննարկեցինք մեր գործառնութեան կապերու զարգացման հեռանկարները: Սիրով ընդունեցի պարոն վարչապետին կողմէ Լիբանան այցելելու հրաւէրը>>:

 



comments