By Asbarez | Friday, 26 January 2018
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, <<Արցախփրէս>> - Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան Հինգշաբթի, 25 Յունուարին, իր նստավայրին մէջ ընդունեց փաստահաւաքման առաքելութեամբ Ստեփանակերտ ժամանած Եւրոխորհրդարանի պատգամաւոր Լարս Ատաքթիւսոնի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Արցախ-Եւրոպա կապերը եւ յատուկ ուշադրութեամբ արծարծուեցան խորհրդարանական փոխգործակցութեան զարգացման վերաբերեալ հարցեր:
Նախագահ Սահակեան նշեց, որ Արցախ շահագրգռուած է Եւրոպական խորհրդարանի եւ եւրոպական այլ կառոյցներու հետ յարաբերութիւններու խորացումով ու ընդլայնումով:
Հանդիպման կը մասնակցէին Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի նախագահի տեղակալ Վահրամ Բալայեան, ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի յանձնախումբի ղեկավար Գասպար Կարապետեան եւ պաշտօնատար այլ անձեր:
<<Ես այստեղ եմ ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի յանձնախումբին հրաւէրով: Այս կազմակերպութիւնը շատ աշխոյժ ու կարեւոր գործունէութիւն կը ծաւալէ Պրիւքսէլի մէջ եւ մենք արդիւնաւէտ համագործակցութիւն ունինք անոնց հետ>>, <<Արցախփրէս>>ի թղթակիցին յայտնեց Եւրոխորհրդարանի պատգամաւորը:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ