By Asbarez | Saturday, 27 January 2018
ԵՐԵՒԱՆ, <<Արմէնփրէս>> - պաշտպանութեան նախարարութեան վարչական համալիրին մէջ, Ուրբաթ, 26 Յունուարին տեղի ունեցաւ պաշտպանութեան նախարարին կից խորհուրդի նիստը, որուն ընթացքին ամփոփուեցան 2017ի արդիւնքներն ու նախանշուեցան ընթացիկ տարուան հիմնական աշխատանքները:
Հայկական երկու հանրապետութիւններու զինուած ուժերու փոխգործակցութեան եւ գործողութիւններու համադրման մեկնակէտով, նիստին մասնակցեցան են նաեւ Արցախի Պաշտպանութեան բանակի հրամանատարական կազմի ներկայացուցիչները:
Նիստին ընթացքին, 2017ի ուսումնական տարուան մարտական եւ զօրահաւաքային պատրաստականութեան, մարտական հերթապահութեան արդիւնքներուն եւ յառաջիկայ աշխատանքներուն վերաբերեալ հիմնական հաշուետու զեկոյցով հանդէս եկաւ Զինուած ուժերու գլխաւոր շտաբի պետ, զօրավար-գնդապետ Մովսէս Յակոբեան:
Զեկոյցին մէջ նշուած է, որ անցեալ ուսումնական տարուան ընթացքին ծրագրուած կարգով շարունակուած են զօրքերու պատրաստութեան, զինուորական կարգապահութեան չափորոշիչներու, ուսումնամարտական խնդիրներու կատարման արդիւնաւէտութեան առաւել բարձրացման, մարտական հերթապահութեան կատարման պայմաններուն եւ ամրաշինական կառոյցներու կատարելագործման ուղղուած աշխատանքները:
Զեկոյցներով հանդէս եկաւ նաեւ պաշտպանութեան նախարարի տեղակալները:
Զեկուցումով հանդէս եկաւ նաեւ պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան:
Վիգէն Սարգսեան խօսեցաւ յառաջիկային մեկնարկող ընկերային <<նոր ու բացառիկ ծրագիրի մասին, որը ենթադրում է բնակարանների ձեռքբերման հնարաւորութիւն զինծառայողների համար՝ հիպոթեքային վարկաւորման աննախադէպ պայմաններով: Ծրագիրը շուտով կը ներկայացուի ՀՀ կառավարութիւն>>:
Նախարար Սարգսեան նիստի մասնակիցներուն նաեւ տեղեկացուց, որ բանակի արդիականացման եօթնամեայ ծրագիրը արդէն պատրաստ է եւ ներկայացուած է նախագահին:
Ծրագիրը կ՛առաջադրէ զինուած ուժերը հասցնել նոր եւ բացառիկ մակարդակի:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ