By Asbarez | Tuesday, 30 January 2018
ՊՈԼԻՍ, ՊԷՅՐՈՒԹ, <<Էյ.Փի.>> - Յունուար 29ին, Աֆրինի մէջ ծանր բախումներ տեղի ունեցան յատկապէս Պուրսայա բլուրին շուրջ, որ մէկ օր առաջ մասամբ գրաւուած էր Սուրիա ներխուժած թրքական բանակին եւ անոր դաշնակից զինեալներուն կողմէ։
Այս <<յաղթանակը>> լուսարձակի տակ առնելու համար, թրքական բանակը լրագրողներու շրջապտոյտ մը կազմակերպած էր, սակայն աւելի ուշ պարտադրուեցաւ ջնջելու այդ պտոյտը, տեղի ունեցող բախումներուն իբրեւ հետեւանք։
Մարտական ուժերը կը նշեն, որ անհիմն են թրքական այն պնդումները, ըստ որոնց՝ նշեալ բլուրը ամբողջութեամբ թրքական բանակի հակակշիռին տակ կը գտնուի։
Միւս կողմէ, թրքական բանակի սպայակոյտի նախագահութիւնը հրատարակեց հաղորդագրութիւն մը, ըստ որուն՝ ցարդ սպաննուած են 557 քիւրտ <<ահաբեկի>>չներ։
<<Ձիթենիի ճիւղ>> գործողութիւնը խանդավառած կը թուի ըլլալ նախագահ Էրտողանը, որ Յունուար 28ին ելոյթ մը ունեցաւ իր կուսակցութեան Ամասիայի նահանգային համաժողովին։ Ան դիտել տուաւ, որ այս գործողութեան նպատակն է ապահովել սուրիացի գաղթականներուն վերադարձը։ Ան նաեւ խստօրէն քննադատեց շարք մը մտաւորականներու եւ դասախօսներու այն կոչերը, ուր կը պահանջուի վերջ տալ Աֆրինի զինուորական գործողութեան։ Էրտողան, որ նմանօրինակ քննադատութիւնները դաւաճանութիւն կը նկատէ, ըսաւ, թէ այս գործողութիւնը պիտի շարունակուի, եւ <<քայլ առ քայլ պիտի մաքրագործուին Թուրքիոյ սահմանները>>։
Էրտողան յայտնեց նաեւ, որ <<Ձիթենիի ճիւղ>>ը պիտի ներառէ սուրիական Մընպեճ քաղաքը, ապա ազդարարեց, որ <<ահաբեկիչները շատ սուղ գին պիտի վճարեն թրքական սահմաններուն դէմ իրենց յարձակումներուն համար>>՝ ակնարկելով սահմանային քաղաքներու վրայ կատարուող հրթիռային յարձակումներուն։
Թուրքիոյ նախագահը ըսաւ, որ <<ահաբեկչական>> կազմակերպութիւնները ամերիկեան դրօշին տակ ազատօրէն կը շրջին այդ շրջանը, միաժամանակ ողջունեց <<Սուրիական ազատ բանակ>>ի զինեալները, որոնք <<թրքական բանակի զաւակներուն հետ, կողք կողքի, պատուաւոր պայքար կը մղեն: Մեր գործողութիւնները պիտի շարունակենք՝ հասնելով մինչեւ իրաքեան սահմանը, վնասազերծելու համար բոլոր ահաբեկիչները>>, աւելցուց ան։
Միւս կողմէ, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլուտ Չաւուշօղլու յայտնեց, թէ Միացեալ Նահանգներու Ազգային ապահովութեան խորհրդատուին հետ համաձայնութիւն մը գոյացուցած է՝ քիւրտ զինեալներուն զէնքի մատակարարումները դադրեցնելու շուրջ: <<Ուաշինկթըն պէտք է շօշափելի քայլեր որդեգրէ՝ (քրտական) Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներուն իր աջակցութիւնը դադրեցնելու եւ անմիջապէս հեռանալու սուրիական Մընպեճ քաղաքէն, այլ ոչ թէ խօսքով բաւարարուի>>, ըսաւ ան։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ