By Asbarez | Wednesday, 31 January 2018
ՄԱԿ - ԵՈՒՆԻՍԵՖը, Յունուր 30ին, 3.6 միլիառ տոլար հաւաքագրելու կոչ ըրաւ՝ այս տարուան ընթացքին հակամարտութիւններու, բնական աղէտներու եւ այլ արտակարգ իրավիճակներու մէջ գտնուող 51 երկիրներու 48 միլիոն երեխաներուն փրկարար օգնութիւն ապահովելու նպատակով:
Աշխարհի տարածքին վայրագ հակամարտութիւններու իբրեւ հետեւանք, յատկանշական աճ արձանագրած է մարդասիրական օգնութեան անհրաժեշտութիւնը՝ յատկապէս երեխաներու համար։
Տարիներէ ի վեր շարունակուող հակամարտութիւնները, ինչպէս՝ Քոնկոյի, Իրաքի, Նիճերիոյ, Հարաւային Սուտանի, Սուրիոյ եւ Եմէնի, կը շարունակեն բարդանալ՝ նոր թափ հաղորդելով բռնութիւններուն, տեղահանումներուն եւ երեխաներու ճակատագիրներու խեղման:
ԵՈՒՆԻՍԵՖ նպատակ ունի այս տարի հետեւեալ ծրագիրները իրագործելու.
– 35.7 միլիոն հոգիի մաքուր ջուր մատակարարել.
– 8.9 միլիոն երեխայ ապահովել տարրական կրթութեամբ.
– 10 միլիոն երեխայ պատուաստել կարմրուկի դէմ.
– 3.9 միլիոն երեխայի ընկերահոգեբանական աջակցութիւն ցուցաբերել.
– 4.2 միլիոն երեխայ բուժել ծանր թերսնուցումէ։
Նշենք, որ 2017ի առաջին տասը ամիսներուն, նոյն կազմակերպութեան աջակցութեամբ իրականացած են հետեւեալ ծրագիրները.
– 29.9 միլիոն հոգի մաքուր ջուր ստացած է.
– 13.6 երեխայ պատուաստուած է կարմրուկի դէմ.
– 5.5 միլիոն երեխայ կրթութիւն ստացած է.
– 2.5 միլիոն երեխայ բուժուած է ծանր թերսնուցումէ.
– 2.8 միլիոն երեխայ ստացած է ընկերահոգեբանական օգնութիւն:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ