By Asbarez | Wednesday, 31 January 2018
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, <<Ռոյթըրզ.>> - Միացեալ Նահանգներու զինուորական ուժերու կեդրոնական հրամանատարութեան ղեկավար զօր. Ճոզէֆ Վոթել պատասխանեց Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլուտ Չաւուշօղլուի յայտարարութեան:
Վերջինս պահանջած էր, որ ամերիկացի զինուորները անյապաղ դուրս գան Սուրիոյ Մընպեճ շրջանէն, որ ներկայիս կը գտնուի Սուրիոյ քիւրտերու վերահսկողութեան տակ:
<<Մընպեճէն դուս գալու մասին չենք իսկ մտածեր>>, ըսաւ Վոթել ամերիկեան <<Սի.Էն.Էն.>> լրատուամիջոցին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին։
Ըստ անոր, ամերիկացի զինուորները նշեալ քաղաքին մէջ տեղակայուած են, աջակցելու համար <<Իսլամական պետութիւն>> ահաբեկչական կազմակերպութեան դէմ պայքարող քրտական ուժերուն:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ