By Asbarez | Thursday, 01 February 2018

ՊՈԼԻՍ, <<Մարմարա>> - Այս տարեսկիզբին Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի Փարիզ կատարած այցելութեան շրջագիծէն ներս՝ Ֆրանսայի նախագահ Մաքրոնի հետ կայացած հանդիպման աւարտին տրուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, Ֆրանսայի նախագահը առաջարկած էր Եւրոմիութիւն-Թուրքիա գործընկերութիւն՝ լիիրաւ անդամակցութեան փոխարէն։
Թուրքիոյ Եւրոպական հարցերու նախարար Էօմեր Չելիք հարցազրոյց մը տալով <<Ռոյթըրզ>> լրատու գործակալութեան՝ անդրադարձաւ այս հարցին ու յայտարարեց, թէ Թուրքիա բացարձակապէ՛ս կը մերժէ Եւրոմիութեան լիիրաւ անդամակցութեան փոխարէն որեւէ այլ տեսակի առաջարկ, ներառեալ՝ վերոյիշեալը։
<<Մենք լուրջի չենք առներ առանձնաշնորհեալ գործընկերութիւն կամ նմանօրինակ այլ մօտեցումներ։ Ի՛նչ ալ ըլլայ տրուած անունը՝ առանձնաշնորհեալ գործընկերութիւն թէ ահաբեկչութեան դէմ համագործակցութիւն, նման առաջարկ մը Թուրքիոյ կողմէ քննարկութեան նիւթ իսկ չի կրնար ըլլալ>>, ըսաւ Չելիք։
Նախարարը նաեւ մեղադրեց Եւրոմիութիւնը՝ 2016ի Մարտին գաղթը կասեցնելու նպատակով Թուրքիոյ հետ ստորագրուած համաձայնագիրի բոլոր պայմանները չյարգելու յանցանքով՝ աւելցնելով. <<Թուրքիա այլեւս ո՛չ մէկ պատճառ ունի յարգելու այդ համաձայնութիւնը>>։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ