Չաւուշօղլու կը քննադատէ Ցեղասպանութեան մասին Մաքրոնի յայտարարութիւնը

By Asbarez | Friday, 02 February 2018

0202chavus

ԵՐԵՒԱՆ, <<Էրմենիհապեր>> - Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլուտ Չաւուշօղլու Հինգշաբթի, Փետրուար 1ին արձագանգած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման կարեւորութեան մասին կատարուած յայտարարութեան:

Նշենք, որ Ֆրանսայի նախագահը խոստացած էր երկրի պաշտօնական օրացոյցին վրայ Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակի օրը ամրագրել։

Ըստ թրքական <<Հապերլեր>> լրատուամիջոցին՝ լրագրողներ Չաւուշօղլուին կարծիքը հարցուցած են այս մասին եւ հետաքրքրուած, թէ նման որոշում մը ինչպիսի՛ հետեւանք կրնայ ունենալ թուրք-ֆրանսական յարաբերութիւններուն վրայ:

<<Եթէ նոյնիսկ այդ հարցը օրակարգ բերուի կամ չբերուի՝ ի՞նչ պիտի ըլլայ: Ֆրանսա կը խօսի իրաւունքի կարեւորութեան մասին, սակայն արդէն կայ դատարանի պարզ որոշում մը: Ցեղասպանութիւն արտայայտութիւնը ոչ թէ քաղաքական, այլ իրաւական եզր է: Ֆրանսայի Սահմանադրական դատարանը այդ հարցին վերաբերեալ իր որոշումը կայացուցած է արդէն: Եթէ Ֆրանսան իրաւունքի հաւատար, ապա անհրաժեշտութիւն չէր ըլլար հարցը օրակարգի բերելու>>, ըսած է Չաւուշօղլու՝ անուղղակիօրէն պնդելով, որ Ֆրանսան իրաւունքներ անտեսող երկիր մըն է:

Յիշեցնենք, որ Ֆրանսայի Սահմանադրական դատարանը 2017ի Յունուարին չեղեալ համարած էր Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրէնքը, սակայն այդ վճիռը կ՛առնչուի խօսքի ազատութեան եւ ոչ թէ Ցեղասպանութեան իրականութեան:

ԵՐԵՒԱՆ, <<Էրմենիհապեր>>.- Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլուտ Չաւուշօղլու Հինգշաբթի, Փետրուար 1ին արձագանգած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման կարեւորութեան մասին կատարուած յայտարարութեան:

Նշենք, որ Ֆրանսայի նախագահը խոստացած էր երկրի պաշտօնական օրացոյցին վրայ Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակի օրը ամրագրել։

Ըստ թրքական <<Հապերլեր>> լրատուամիջոցին՝ լրագրողներ Չաւուշօղլուին կարծիքը հարցուցած են այս մասին եւ հետաքրքրուած, թէ նման որոշում մը ինչպիսի՛ հետեւանք կրնայ ունենալ թուրք-ֆրանսական յարաբերութիւններուն վրայ:

<<Եթէ նոյնիսկ այդ հարցը օրակարգ բերուի կամ չբերուի՝ ի՞նչ պիտի ըլլայ: Ֆրանսա կը խօսի իրաւունքի կարեւորութեան մասին, սակայն արդէն կայ դատարանի պարզ որոշում մը: Ցեղասպանութիւն արտայայտութիւնը ոչ թէ քաղաքական, այլ իրաւական եզր է: Ֆրանսայի Սահմանադրական դատարանը այդ հարցին վերաբերեալ իր որոշումը կայացուցած է արդէն: Եթէ Ֆրանսան իրաւունքի հաւատար, ապա անհրաժեշտութիւն չէր ըլլար հարցը օրակարգի բերելու>>, ըսած է Չաւուշօղլու՝ անուղղակիօրէն պնդելով, որ Ֆրանսան իրաւունքներ անտեսող երկիր մըն է:

Յիշեցնենք, որ Ֆրանսայի Սահմանադրական դատարանը 2017ի Յունուարին չեղեալ համարած էր Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրէնքը, սակայն այդ վճիռը կ՛առնչուի խօսքի ազատութեան եւ ոչ թէ Ցեղասպանութեան իրականութեան:

 

comments

Advertisement