By Asbarez | Friday, 02 February 2018
ՊԱՔՈՒ, <<Էյ.Փի.Էյ.>> - Հինգշաբթի, Փետրուար 1ին, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով իր իտալացի պաշտօնակից եւ ներկայիս ԵԱՀԿի նախագահ Անճելինօ Ալֆանոյի հետ ունեցած խորհրդակցութիւններէն ետք տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարեց, թէ ԵԱՀԿը պիտի շարունակէ աշխոյժ աշխատանք տանիլ Արցախի հակամարտութիւնը կարգաւորելու նպատակով:
Լաւրով նշեց, որ իր իտալացի գործընկերոջ հետ քննարկած է ԵԱՀԿի տարածաշրջանին մէջ առկայ շարք մը հակամարտութիւններ՝ յոյժ կարեւոր նկատելով Հարաւային Կովկասի մէջ ապահովութիւնը երաշխաւորելու ջանքերը։
Իր կարգին, Ալֆանօ շեշտեց, թէ լիակատար աջակցութիւն կը ցուցաբերուի Մինսկի խմբակին։ Ան <<բաւական կարեւոր եւ դրական քայլ>> նկատեց ԵԱՀԿի դիտորդական առաքելութիւնը ընդարձակելու նպատակով առնուող քայլը։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ