Պաքու սկսած է պայմաններ դնելու Քասփըրչիքի խումբը ընդարձակելու գծով

By Asbarez | Friday, 02 February 2018

0202kasperchik

ԵՐԵՒԱՆ, <<Նիուզ>> - Ատրպէյճանի մէջ արդէն իսկ ջանք կը թափուի պայմաններ առաջ քաշելու համար (այդ ալ՝ ո՛չ յստակ)՝ ԵԱՀԿի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ դեսպան Անճէյ Քասփըրչիքի դիտորդներու խումբին թիւը բարձրացնելու առաջարկին գծով։

<<Եթէ խօսքը շփման գիծին վրայ ԵԱՀԿի դիտորդներու թիւը աւելցնելու մասին է, ապա պէտք է քանի մը պայմաններ յարգուին>>, ատրպէյճանական <<Էյ.Փի.Էյ.>> լրատու գործակալութեան յայտնած է Ատրպէյճանի խորհրդարանի նախագահի առաջին տեղակալ եւ Պաշտպանութեան, ապահովութեան ու զեղծարարութեանց հակազդելու հարցերով յանձնախումբի նախագահ Զիյաֆեթ Ասքերով:

Ան նշած է, որ նախ <<շփման գիծի երկայնքով ապրող ատրպէյճանցի խաղաղ բնակիչներու սպանութիւնները դադրեցնելու ջանքերուն վերահսկողութիւնը պէտք է խստացնել>>, միաժամանակ երաշխիքներ պահանջելով ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահներէն եւ Հայաստանէն, որ <<Երեւանը չհետապնդէ ներկայ իրավիճակը երկարաձգելու նենգ նպատակը՝ բանակցութիւններէն խուսափելով>>:

Յիշեցնենք, որ Քրաքովի մէջ կայացած Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումէն ետք, համանախագահները հանդէս եկած էին յայտարարութեամբ մը, ուր նշուած էր. <<Արտաքին գործոց նախարարները սկզբունքօրէն համաձայնած են համանախագահներու վերամշակած հայեցակարգային փաստաթուղթին, որ կը վերաբերի ԵԱՀԿի նախագահի անձնական ներկայացուցիչի գրասենեակին ընդլայնման>>:

 



comments

Advertisement