By Asbarez | Friday, 02 February 2018
ՄՈՍԿՈՒԱ - Իրաքի եւ Սուրիոյ տարածքին սպաննուած են աւելի քան 300 ատրպէյճանցի զինեալներ, որոնք անդամակցած էին տեղւոյն իսլամ ծայրայեղական խմբաւորումներուն: <<ՌԻԱ Նովոսթի>>ն կը հաղորդէ, որ այս մասին լրագրողներուն հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնած է Ատրպէյճանի կրօնական կառոյցներու հետ աշխատանքի պետական մարմինի նախագահի տեղակալ Սիաւուշ Հէյտարով:
<<Մենք տեղեկութիւն ունինք Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ ծայրայեղական կրօնական խմբաւորումներու կազմերուն մէջ շուրջ 300 ատրպէյճանցիներու մահուան մասին>>, ըսած է ատրպէյճանցի պաշտօնատարը:
Անոր համաձայն, Միջին Արեւելքի մէջ այդ խմբաւորումներու շարքերուն մէջ մարտերու մասնակցած 92 հոգի պատասխանատուութեան ենթարկուած է Ատրպէյճանի մէջ, իսկ 260 ուրիշներ զրկուած են քաղաքացիութենէ:
Հէյտարով յայտնած է նաեւ, որ Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ կան աւելի քան 300 ատրպէյճանցի կիներ ու երեխաներ: <<Մէկ երեխայ արդէն վերադարձուած է հայրենիք. ան այժմ վերականգնողական շրջան կ՛անցընէ: Կան 19 այլ երեխաներ, որոնք մօտիկ ապագային պիտի բերուին Ատրպէյճան>>, ընդգծած է Հէյտարով:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ