Իրականութիւնը կարճատեւ կեանք ունի Թրքական պաստառներու վրայ

By Asbarez | Friday, 02 February 2018

0131trt

ԵՐԵՒԱՆ - <<Էրմենիհապեր>> լրատուական կայքը կը հաղորդէ, թէ անցեալ շաբաթ թրքական պետական պատկերասփիւռի կայանի լուրերու հաղորդավարուհի Թուղպա Տալքըլճ ուղիղ հաղորդումի մը ընթացքին յայտարարած է, թէ Թուրքիոյ զինուած ուժերը եւ անոնց զինակից սուրիական ընդդիմադիր խմբաւորումները կը ռմբակոծեն Սուրիոյ Աֆրին քաղաքի խաղաղ բնակչութիւնը:

Տեսանիւթը կարճ ժամանակի մը մէջ լայն տարածում գտաւ համացանցի վրայ՝ մեծ աղմուկ բարձրացնելով Թուրքիոյ պետական շրջանակներէն ներս, որմէ ետք յայտարարուեցաւ, թէ հաղորդավարուհին <<սխալած է>>:

Նշենք, որ տեղական եւ միջազգային իրաւապահ կազմակերպութիւններ կը հաղորդեն, թէ թրքական յարձակումներուն իբրեւ հետեւանք մեծ թիւով քաղաքայիններ կը սպաննուին Աֆրինի եւ անոր մօտակայ գիւղերուն մէջ։

Աւելի ուշ, կայանը հաղորդավարուհին պաշտօնանկ ըրած է, եւ անոր դէմ հետաքննութիւն սկսած է:

 



comments