By Asbarez | Friday, 02 February 2018

ՓԱՐԻԶ.- Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն հարցազրոյց մը տալով ֆրանսական նշանաւոր <<Ֆիկարօ>> թերթին՝ անդրադարձաւ հիւսիսային Սուրիոյ Աֆրին քաղաքին վրայ սկսած թրքական զինեալ ուժերու ռազմական գործողութիւններուն ու ազդարարութիւններ հնչեցուց՝ դիտել տալով, որ եթէ թրքական կողմը շարունակէ իր յառաջխաղացումը դէպի Սուրիոյ այլ հողատարածքներ, ատիկա կրնայ լուրջ խնդիրներու հետ դէմ յանդիման դնել տարածաշրջանը։
<<Եթէ գործողութիւնը վերածուի բռնագրաւման ու յայտնի դառնայ, որ ատոր նպատակը ահաբեկչութեան վտանգին դէմ պայքարը չէ, ապա լուրջ հարց մը պիտի ունենանք>>, նշեց Մաքրոն ու կոչ ուղղեց, որ Թուրքիա գործողութիւններ իրականացնելէ առաջ խորհրդակցի դաշնակից երկիրներու հետ։
Ֆրանսայի նախագահին յայտարարութեան անմիջապէս արձագանգեց Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ՝ ըսելով, որ Ֆրանսայի ղեկավարութիւնը <<սխալ կարծիք ունի>>, եւ որ բռնագրաւման մասին խօսք չկայ։
<<Ամբողջ աշխարհը գիտէ եւ պէտք է գիտնայ, որ Թուրքիա երբեք չ՛իրականացներ բռնագրաւիչ գործողութիւններ։ Եթէ նայիք <<Եփրատի վահան>> գործողութեան, ապա կը համոզուիք ատով>>, յայտարարեց Եըլտըրըմ։
Կը թուի, թէ վարչապետին յիշողութիւնը միայն քանի մը տարուան տարողութիւն ունի, որովհետեւ կը պնդէ մոռնալ 1974ին տեղի ունեցած Կիպրոսի ներխուժումը, որ բռնագրաւման վերածուած էր ու կը շարունակուի մինչեւ այսօր։
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլուտ Չաւուշօղլու եւս հակադարձեց Մաքրոնի յայտարարութեան՝ ըսելով. <<Ֆրանսացիները այդ հարցով մեզի չեն կրնար դաս տալ: Տեղի ունեցածը բռնագրաւում չէ՛>>:
Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու դաշնակից՝ Սուրիոյ քրտական ուժերը արդէն իսկ սկսած են բողոքի ձայներ բարձրացնելու Ուաշինկթընի դիմաց՝ անբաւարար համարելով Աֆրինի դէմ թրքական գործողութիւնը կասեցնելու գծով քրտական կոչերուն ի պատասխան առնուած ամերիկեան քայլերը։
Մինչ այդ, Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան հեռաձայնային զրոյց մը ունեցաւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ՝ քննելով Սոչիի խորհրդաժողովին արդիւնքները եւ Աֆրինի մէջ շարունակուող <<Ձիթենիի ճիւղ>> գործողութեան ծալքերը։
Էրտողան եւ Փութին համաձայն գտնուեցան, թէ հակառակ Միջսուրիական ազգային երկխօսութեան համաժողովին ընթացքին ստեղծուած հարցերուն՝ ձեռք բերուած արդիւնքը, այսինքն՝ սահմանադրական յանձնախումբին շուրջ նախնական համաձայնութիւնը, կարեւո՛ր շահ մըն է։
Նաեւ, Չաւուշօղլու հեռաձայնային զրոյց մը ունեցած է Միացեալ Նահանգներու իր պաշտօնակից Ռեքս Թիլըրսընի հետ, Սոչիի ժողովին, Աֆրինի գործողութեան եւ Իրաքի հարցերուն շուրջ խորհրդակցութիւններ կատարելով։ Յաւելալ մանրամասնութիւններ չեն հաղորդուած։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ