Համանախագահները նախագահ Սերժ Սարգսեանին ներկայացուցին Պաքուի հանդիպումներու արդիւնքները

By Asbarez | Saturday, 10 February 2018

0210minsk

ԵՐԵՒԱՆ - Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան Ուրբաթ, 9 Փետրուարին, ընդունեց ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներ Իկոր Փոփովը, Էնտրիւ Շոֆըրը, Ստեֆան Վիսքոնթին եւ ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփըրչիքը:

Համանախագահները նախագահ Սարգսեանին ներկայացուցին Պաքուի մէջ իրենց ունեցած հանդիպումներու արդիւնքները:

Նախագահ Սարգսեան համանախագահներուն ուշադրութիւնը հրաւիրեց Պաքուէն հնչող (Ալիեւի) վերջին յայտարարութիւններուն վրայ՝ յայտնելով, որ անոնք եւս մէկ վկայութիւն են, թէ որքան հեռու է Ատրպէյճանը Մինսկի խումբի համանախագահներու առաջարկներու հիման վրայ ղարաբաղեան հիմնահարցի բանակցային գործընթացը յառաջ մղելու պատրաստակամութենէն, ինչպէս նաեւ ցոյց կու տան, թէ Պաքուն ինչպէս կ՛արձագանգէ հասարակութիւնները խաղաղութեան պատրաստելու եռանախագահներու շարունակական կոչերուն:

Հանրապետութեան նախագահը վերահաստատեց Հայաստանի պատրաստակամութիւնը՝ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներուն հետ շարունակելու բանակցային խաղաղ ճանապարհով հակամարտութեան կարգաւորման ուղղուած ջանքերը:

 



comments

Advertisement