Երեք հայեր կ՛ամբաստանուին ապօրինի միջոցներով Ամերիկեան այցագիրներ ապահովելու յանցանքով

By Asbarez | Wednesday, 14 February 2018

 

0000visa fraud


ՆԻՒ ԵՈՐՔ - Միացեալ Նահանգներու արդարադատութեան նախարարութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ անցեալ շաբաթ ամերիկեան իրաւապահ մարմինները երեք հայազգի քաղաքացիներ ամբաստանած են ապօրինի միջոցներով ամերիկեան այցագիրներ (վիզա) ապահովելու յանցանքով։ Ամբաստանեալներէն մէկը Միացեալ Նահանգներու քաղաքացի է, իսկ երկուքը՝ Հայաստանի:

Նիւ Եորքի Արեւելեան շրջանի դաշնակցային ատեանին մէջ տեղի ունեցած ամբաստանութեան թիրախներն են՝ Միացեալ Նահանգներու քաղաքացի՝ 47ամեայ Սթելլա Պոյաճեան (Նիւ Եորքէն) եւ Հայաստանի քաղաքացիներ՝ 30ամեայ Հրաչեայ Աթոյեան (Կլենտէյլէն) եւ 41ամեայ Դիանա Գրիգորեան, որ ծանօթ է նաեւ <<Դինա Ակոբովնա>> անունով (Հայաստանէն):

Անոնք կ՛ամբաստանուին տարիներու ընթացքին անօրինական ձեւերով եւ մշակութային միջոցառումներու մասնակցելու պատրուակով Հայաստանէն քաղաքացիներ Միացեալ Նահանգներ բերելու յանցանքով։ Անոնք դիմած են P-3 տեսակի այցագիրներու, որոնք նախատեսուած են ժամանակաւոր այցելութեանց համար՝ մշակութային միջոցառումներու մասնակցելու, կամ այս ոլորտին մէջ ուսանելու կամ դասաւանդելու համար: Այս տեսակի այցագիրներու համար անհրաժեշտ է ամերիկեան գործատուի կամ աջակցող կազմակերպութեան մը կողմէ յատուկ դիմումներու ամբողջացում։

Պոյաճեան եւ Գրիգորեան նաեւ ամբաստանուած են <<դրամ լուալու>> յանցանքով, իսկ միայն Պոյաճեան՝ ինքնութիւն կեղծելու յանցանքով եւս:

Ըստ դատախազութեան՝ անոնք կազմակերպած են կեղծ մշակութային խումբեր, մարդիկ լուսանկարած են հայկական աւանդական տարազներով՝ կեղծելու համար այցագիրներու դիմումները, որոնց համար ստացած են 3000էն 15,000 տոլար։

Նման միջոցներով Միացեալ Նահանգներ մուտք գործած Հայաստանի շարք մը քաղաքացիներ չեն վերադարձած Հայաստան եւ անօրինական կերպով հաստատուած են հոս:

 

comments

Advertisement