Թուրքիոյ Քրտամէտ կուսակցութեան նորընտիր ղեկավարը կը հետապնդուի

By Asbarez | Thursday, 15 February 2018

0215pervin_buldan

ԱՆԳԱՐԱ - Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան նոր ղեկավար Փերվին Պուլտանի նկատմամբ արդէն իսկ հետաքննութիւն սկսած է։ Արդարեւ, թրքական <<Անատոլու>> լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, թէ անոր դէմ ներկայացուած է <<զինեալ ահաբեկչական խմբաւորման անդամակցութեան>> ամբաստանութիւն, նկատի ունենալով Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան հետ անոր կապերը:

Պուլտան կրնայ 5-10 տարուան բանտարկութեան դատապարտուիլ։

Ամբաստանութեան մէջ կը նշուի, որ քիւրտ քաղաքական գործիչը 2008, 2009, 2011 եւ 2015 թուականներուն առնուազն 11 անգամ ահաբեկչամէտ յայտարարութիւններ կատարած է տարբեր ելոյթներու ընթացքին՝ Թուրքիոյ շարք մը քաղաքներու մէջ:

Պուլտան կուսակցութեան համանախագահի պաշտօնին ընտրուեցաւ քանի մը օր առաջ: Անոր նախորդած Սելահետտին Տեմիրթաշ, որ բանտարկուած կը մնայ տակաւին, նախապէս յայտարարած էր, որ ինք թեկնածու չէ այդ պաշտօնին:

 



comments

Advertisement