Ուաշինկթըն վարժուած է Էրտողանի սպառնալիքներուն

By Asbarez | Thursday, 15 February 2018

0215us trk

ԵՐԵՒԱՆ, <<Էրմենիհապեր>> - Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Հեթըր Նոյերթ անդրադարձած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի կողմէ Ուաշինկթընին հասցէագրուած նորագոյն սպառնալիքին։

Յիշեցնենք, որ Սուրիոյ քիւրտերուն օժանդակութիւն տրամադրելու շուրջ ամերիկեան որոշումին հակադարձելով՝ Էրտողան ըսած էր, թէ Ուաշինկթըն չէ զգացած <<օսմանեան ապտակին ուժգնութիւնը>>։

Ըստ <<Սի.Էն.Էն. Թիւրք>>ին, իր ամէնօրեայ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին այս մասին լրագրողներէն մէկուն հարցումին պատասխանելով՝ բանբերը ըսած է, թէ Ուաշինկթըն արդէն իսկ վարժուած է նման յայտարարութիւններու: <<Մենք չենք զայրանար, երբ Թուրքիոյ կամ մէկ այլ երկրի կառավարութեան կողմէ նման յայտարարութիւններ հնչեն: Մենք շատ կը լսնենք այլ կառավարութիւններու եւ առաջնորդներու նմանատիպ յայտարարութիւններ, սակայն անոնցմէ որեւէ մէկը հաշուի չենք առներ՝ մեր արտաքին քաղաքականութիւնը ձեւաւորելու ընթացքին>>, ըսած է Նոյերթ:

Ապա անդրադառնալով Սուրիոյ քրտաբնակ Աֆրին շրջանին մէջ Թուրքիոյ սանձազերծած ռազմական գործողութիւններուն՝ Նոյերթ ըսած է, որ իրենք այդ շրջանին մէջ գործունէութիւն չեն ծաւալեր, սակայն հոն ստեղծուած լարուածութիւնը անհանգստութիւն կը պատճառէ իրենց:

Անգարա կը սպառնայ Աֆրինէն ետք յարձակիլ նաեւ հիւսիսային Սուրիոյ Մընպեճ քաղաքին վրայ, որ քիւրտերու հակակշիռին տակ կը գտնուի, եւ ուր հաստատուած են նաեւ ամերիկացի զինուորներ։ Սուրիոյ մէջ ամերիկեան ուժերու հրամանատար զօր. Փօլ Ֆանք անցեալ շաբաթ Մընպեճ այցելած էր՝ հակադարձելով ամերիկեան ուժերը այնտեղէն հեռացնելու մասին թրքական կոչերուն։ Ակնարկելով քաղաքին վրայ յարձակելու թրքական սպառնալիքին՝ Ֆանք յայտարարած էր. <<Եթէ անոնք յարձակին՝ մենք ցնցիչ հակահարուած պիտի տանք>>։

 



comments

Advertisement