Սուրիոյ տագնապը կարելի չէ լուծել առանց Քիւրտերու մասնակցութեան. Լաւրով

By Asbarez | Thursday, 15 February 2018

0215Lavrov

ՄՈՍԿՈՒԱ, <<Ռոյթըրզ>> - Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Փետրուար 13ին յայտարարեց. <<Սուրիոյ քիւրտերը սուրիացի ժողովուրդին մէկ անքակտելի մասն են, եւ սուրիական տագնապը կարելի չէ լուծել առանց անոնց մասնակցութեան: Ռուսիա տակաւին կը շարունակէ աջակցիլ քիւրտերու մասնակցութեան՝ Սուրիոյ տագնապի լուծման ամբողջ հոլովոյթին>>։

Լաւրով նաեւ մտահոգութիւն յայտնեց, որ Ուաշինկթըն սկսած է Սուրիոյ մէջ <<ինքնագլուխ ու վտանգաւոր կերպով>> գործելու՝ աւելցնելով. <<Ուաշինկթըն Սուրիոյ հողային ամբողջականութիւնը կը վտանգէ, եւ Ռուսիա ունի այն կասկածը, թէ Ուաշինկթըն կ՛ուզէ՝ եթէ ոչ յաւիտեանս, առնուազն երկար ժամանակ մնալ Սուրիոյ մէջ>>:

Իր կարգին, Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Պոկտանով շեշտեց. <<Միացեալ Նահանգներ պատասխանատու է Սուրիոյ կարգ մը քիւրտերուն մօտ անջատողական տրամադրութեանց հրահրումով>>:

Միւս կողմէ, Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնեց, որ ահաբեկչական <<Ճապհաթ Նուսրա>> կազմակերպութիւնը, գործակցաբար <<Սպիտակ սաղաւարտներ>> կազմակերպութեան՝ Իտլիպի մէջ սադրանքներ կը պատրաստէ, Դամասկոսը քիմիական զէնքի կիրառման յանցանքով ամբաստանելու համար:

<<Ճապհաթ Նուսրա>>ն քլորին պարունակող աւելի քան 20 տակառ փոխադրեց եւ սադրիչ գործողութիւն մը կը պատրաստէ>>, ըսաւ նախարարութիւնը:

Մինչ այդ, Ղազախստանի արտաքին գործոց նախարար Խէյրաթ Ապտելռահմանով յայտնեց, որ Ռուսիոյ, Թուրքիոյ եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարները մտադիր են Մարտ ամսուն ժողով մը գումարել՝ քննարկելու համար Սուրիոյ վերջին զարգացումները: Ան աւելցուց, որ երեք կողմերը տակաւին իրենց ժողովին ճշգրիտ թուականն ու վայրը չեն ճշդած, սակայն Ղազախստանի մայրաքաղաք Ասթանան առաջարկուող վայրերէն մէկն է:

Ասթանան նաեւ պիտի հիւրընկալէ Սուրիոյ հարցով նշեալ երեք կողմերուն միջեւ աւելի ցած մակարդակով հանդիպում մը:

Թուրքիոյ նախագահութենէն աղբիւրներ աւելի կանուխ յայտնած էին, որ երեք երկիրները համաձայնութիւն գոյացուցած են մօտ օրէն Պոլսոյ մէջ ժողով մը գումարելու, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ Իտլիպ նահանգին մէջ հսկողութեան նոր կեդրոններ տեղակայելու շուրջ:

 



comments

Advertisement