Պոլսոյ նոր օդակայանի կառուցման ընթացքին առնուազն 400 բանուոր մահացած է

By Asbarez | Thursday, 15 February 2018

0214istanbul-3

ԵՐԵՒԱՆ, <<Նիուզ>> - Պոլսոյ 3րդ օդակայանի կառուցման ընթացքին մեծ թիւով բանուորներ դարձած են աշխատանքային անապահով պայմաններու զոհ:

Թրքական <<Ճումհուրիյէթ>> թերթը այս գծով հետաքննութիւն մը կատարելով՝ բացայայտած է, թէ մինչեւ հիմա առնուազն 400 բանուոր մահացած է շինարարական արկածներու իբրեւ հետեւանք։

Աղբիւր մը նշած է նաեւ, որ շինարարութեան ընթացքին զոհուածներուն մարմինները երբեմն անճանաչելի վիճակի մէջ կը յանձնուին հարազատներուն: Ան շեշտած է, թէ զոհերու հարազատներէն լուռ մնալու երաշխիք ստանալու համար, իւրաքանչիւին մօտաւորապէս 110 հազար տոլար կը վճարուի:

 

comments

Advertisement