Լափշին դատ կը բանայ Ատրպէյճանի դէմ

By Asbarez | Saturday, 17 February 2018

0217labshin

Եօթը ամիս ատրպէյճանական բանտին մէջ մնացած Ռուսիոյ քաղաքացի, blogger (էջատէր) Ալեքսանտր Լափշին հայց ներկայացուցած է Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարան՝ ՄԻԵԴ, ընդդէմ Ատրպէյճանի: Այդ մասին էջատէրը գրած է իր <<Ֆէյսպուք>>ի էջին վրայ:

<<Ընկերներս կը հարցնեն, թէ ինչի՞ վրայ պիտի ծախսեմ գումարը, եթէ շահիմ Ատրպէյճանի դէմ դատը՝ Եւրոպայի մէջ: Անկեղծ ըսեմ՝ չե՛մ մտածած: Դեռ պէտք է շահիլ, ապա կը խօսինք>>, գրած է Լափշին՝ առանց մանրամասնութիւններ ներկայացնելու հայցին մասին:

<<Տեսականօրէն ենթադրենք, որ ես յաղթեցի դատարանին մէջ եւ Ատրպէյճանը, ըսենք, պէտք է ինծի 50,000 եուրօ վճարէ: Եւ, ենթադրենք նաեւ, որ ես այդ դրամով Ստեփանակերտի քոնեաքի գործարանին մէջ լա՛ւ թնդեցուած 1000 շիշ հիանալի ղարաբաղեան քոնեաք գնեցի: Արդեօք ատիկա կը նշանակէ՞, որ Ատրպէյճանը իմ միջոցով ներդրում կ՛ընէ ղարաբաղի տնտեսութեան մէջ>>, կատակելով հարց տուած է Լափշին:

 



comments

Advertisement