Ես ոչ մէկ տեղ այդքան ազատ եւ նոյն ատեն անվտանգ զգացած եմ, որքան Ղարաբաղի մէջ. Ռուս լրագրող

By Asbarez | Saturday, 17 February 2018

0217russianjournalist

Ռուսական <<Ինթրըսթինկ Ուըրլտ>> (Interesting World) լրատուամիջոցի գլխաւոր խմբագիր Իկոր Շիրիայեւ Արցախի Հանրապետութիւն կատարած իր այցելութենէն ետք վստահ է, որ Լեռնային Ղարաբաղը աշխարհի եզակի վայրերէն է, որ իրակա՛ն է, կը հաղորդէ <<Արցախփրէս>>ը:

<<Ֆէյսպուք>>ի իր էջին վրայ ան կը կիսէ իր այցելութեան տպաւորութիւնները:

<<Այցելելով աշխարհի շատ գեղեցիկ եւ տարաշխարհիկ վայրեր՝ Ղարաբաղը կը համարեմ այն հազուագիւտ վայրերէն մէկը, զոր ես իրական կ՛անուանեմ: Այո, կան աւելի բարձր լեռներ, աւելի տարաշխարհիկ բնութիւն, աւելի հարուստ երկիրներ: Բայց Ղարաբաղը իրական է: Ի՞նչ կը ներառեմ այդ բառին մէջ. այստեղ կը բնակին ճիշդ դաստիարակուած մարդիկ, որոնք շատ բան ապրած են եւ զարմանալի կերպով՝ այդքանէն ետք, ոչ թէ աւելի վատ, այլ աւելի լաւ մարդ դարձած են: Անոնք ոչ ոքէ ոչինչ կը խնդրեն: Իրենց միակ փափաքը այն է, որ իրենց հանգիստ ձգեն եւ թոյլ տան ապրիլ այն հողին վրայ, որ իրենցը կը համարեն, եւ այդ հարցով ես անոնց հետ բոլորովին համաձայն եմ: Բացի այդ, ոչ մէկ տեղ ես ինձ այդքան ազատ եւ նոյն ատեն անվտանգ կը զգամ, որքան Ղարաբաղի մէջ. ասիկա յարակարծական է, նկատի ունենալով այս երկրին տխուր պատմութիւնը ու ոչ դիւրին ներկան, բայց ըսածս փաստացի է>>, կը յայտնէ Շիրիայեւ:

Ան շնորհակալութիւն կը յայտնէ բոլոր այն մարդոց, որոնք կազմակերպած էին իր այցելութիւնը: Լրագրողը գոհունակութեամբ կը պատմէ, որ իր կնոջ հետ սիրահարներու տօնը նշած է արցախեան բարձրադիր ձիւնոտ բնակավայրերէն մէկուն մէջ:

Ան ոգեւորուած է այն բանով, որ թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Արցախի մէջ մարդիկ կը ճանչնան զինք՝ յայտնելով, որ կը տեսնեն իր լուսանկարները ու կը կարդան յօդուածները:

Շիրիայեւ կը նշէ, որ Արցախէն վերադառնալէն ետք հաւաքած է մեծ թիւով լուսանկարներ եւ տեսանիւթեր, որոնք պիտի մշակուին եւ հրապարակուին յօդուածներու հետ:

 



comments

Advertisement