Լաւրով Սուրիոյ մէջ կրակի հետ խաղալէ դադրելու կոչ կ՛ընէ Ուաշինկթընին

By Asbarez | Wednesday, 21 February 2018

 

0221lavrov

ՄՈՍԿՈՒԱ, <<Ռոյթըրզ>> - Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Ուաշինկթընին կոչ ուղղած է՝ <<Սուրիոյ մէջ կրակի հետ խաղալէն դադրելու>>, նշելով, որ այժմ գոյութիւն ունին <<սուրիական գերիշխանութիւնը ոտնակոխելու ամերիկեան փորձեր, մասնաւորաբար՝ Եփրատի արեւելեան ափին վրայ>>, ուր Ուաշինկթըն <<Իրաքէն ու Եփրատի արեւելեան ափէն դէպի հիւսիսային Սուրիոյ ուղղութեամբ երկարող ուժ մը կը ստեղծէ>>:

Լաւրով յայտնած է, որ Մոսկուա ունի բազմաթիւ փաստեր, թէ Արեւմուտքն ու միջազգային դաշինքը <<Ճապհաթ Նուսրա>> ահաբեկչական կազմակերպութեան դէմ չեն պայքարիր: Ան ըսած է. <<Այսօր ոմանք վատ կերպով կը շահագործեն քրտական գործօնը>>:

Միւս կողմէ, Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆ յայտնեց, որ Իրանն ու Ռուսիան սերտ կերպով գործակցեցան, իրականացնելու համար շրջանին մէջ կայունութեան ձգտող հասարակաց նպատակները: Ան յայտնեց, որ արդէն կարելի է խօսիլ <<Իսլամական պետութեան>> շրջանային պարտութեան մասին, մասնաւորաբար՝ Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ իր գրաւած հողերու կորուստէն ետք, սակայն անոր ներկայացուցած վտանգը <<կը շարունակէ գոյատեւել>> տակաւին:

Անդրադառնալով սուրիական տագնապին՝ Զարիֆ ըսաւ, որ Սուրիոյ մէջ քաղաքական լուծումը միա՛կ լուծումն է, եւ այսօր ատիկա իրագործելու յարմար առիթ գոյութիւն ունի: Խօսելով սուրիական ուժերուն կողմէ իսրայէլեան <<Էֆ. 16>> օդանաւի զգետնումին մասին՝ ան ըսաւ. <<Իսրայէլ Սուրիոյ մէջ դիրքեր ռմբակոծեց, ուստի այդ օդանաւը վար առնելը սուրիական օդային տարածքի ոտնակոխումին հակադարձութիւն է>>:

 



comments

Advertisement