Իրան զաւեշտական կ՛որակէ Նեթանիահուի ելոյթը

By Asbarez | Wednesday, 21 February 2018

ԹԵՀՐԱՆ, <<Ֆարս>> - Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու, Միւնիխի մէջ, ապահովութեան շուրջ խորհրդաժողովին ընթացքին, իր ձեռքը բռնած՝ ըստ իրեն՝ իսրայէլեան օդային տարածքին մէջ վար առնուած իրանեան անօդաչու թռչող սարքի մը մէկ կտորը, Իրանը զգուշացուցած էր Իսրայէլի վճռականութիւնը փորձելէն եւ աւելցուցած, որ իր երկիրը պիտի շարունակէ Իրանին արգիլել, որ Սուրիոյ մէջ զինուորական մնայուն ներկայութիւն հաստատէ:

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆ, անդրադառնալով այս ելոյթին՝ Նեթանիահուի խօսքը նկատեց <<զաւեշտական>> եւ ըսաւ. <<Այս առաւօտ առիթը ունեցայ դիտելու զաւեշտական կրկէս մը, որ արժանի չէ պատասխանի>>: <<Իսրայէլի հարցը՝ դրացի երկիրներուն հետ անոր թշնամական քաղաքականութիւնն է. ան ամէնօրեայ դրութեամբ մուտք կը գործէ Սուրիա եւ Լիբանան>>, յայտնեց Զարիֆ՝ նշելով. <<<<Անպարտելի Իսրայէլ>>ի գաղափարը տապալա՛ծ է այլեւս>>։

 

comments

Advertisement