Օճալանի ձերբակալութեան մանրամասնութիւնները կը հրապարակուին

By Asbarez | Thursday, 22 February 2018

0222ocalan

ՊՈԼԻՍ, <<Մարմարա>> - Թրքական <<Անատոլու>> լրատու գործակալութիւնը հրապարակեց 1999ին Քենիոյ մէջ տեղի ունեցած Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան ղեկավար Ապտուլլահ Օճալանի ձերբակալութեան մանրամասնութիւնները, զորս գործակալութեան տրամադրած է փոխադրական հարցերու նախարարութեան խորհրդական՝ փրոֆ. Հասան Իչկիւզար։

Փրոֆ. Իչկիւզար, որ Անգարայի համալսարանի դասախօս է, կը պատմէ, թէ օրին Թուրքիոյ գաղտնի սպասարկութեան՝ ՄԻԹի, աշխատակիցները դիմած էին իրեն՝ յայտնելով, որ Յունաստանը հոլանտական օդանաւ մը վարձած էր, Օճալանը Քենիայէն Հոլանտա տեղափոխելու համար, ուստի իրմէ պահանջած էին, որ նոյն տեսակի ու գոյնի թրքական օդանաւ մը գտնէ, որպէսզի Օճալան խաբէութեամբ առեւանգուի ու Թուրքիա տեղափոխուի։

Նման պայմաններով օդանաւ մը գտնուած է թուրք գործարարի մը մօտ, որմէ վարձուած է անիկա, ներկուած է հոլանտական օդանաւին գոյնով, ապա երկու օդաչուներով ու գաղտնի սպասարկութենէն 5-6 աշխատակիցներով մեկնած է Քենիա։

Թրքական օդանաւը Քենիա հասած է հոլանտական օդանաւի վայրէջքէն երկու ժամ առաջ։ Օճալան չորս ինքնաշարժներու ուղեկցութեամբ հասած է օդակայան, ուր թրքական օդանաւին դուռը բացուած է եւ Օճալան ներս մտած ու ձերբակալուած է։

Վերադարձին, Կիպրոսի օդային սահմանը անցնելու ընթացքին, թրքական օդանաւը խնդիրներ ունեցած է Կիպրոսի իշխանութիւններուն հետ, սակայն զանոնք նոյնպէս խաղի բերելով ու սուտ տուեալներ փոխանցելով՝ յաջողած է հասնիլ Թուրքիա։

 

comments

Advertisement