Թրքական հրետանին կը յարձակի Աֆրին ժամանած Սուրիոյ բանակայիններուն վրայ

By Asbarez | Thursday, 22 February 2018

0222afrin2

Սուրիոյ կառավարութեան համակիրներ Աֆրին կը հասնին— Լուսանկարը՝ Ճորճ Ուրֆալեանի (<<Ա.Էֆ.Փէ.>>)

ՊԷՅՐՈՒԹ, ԱՆԳԱՐԱ, <<Ռոյթըրզ>> - Թուրքիոյ զինուած ուժերու հրետանին Չորեքշաբթի, Փետրուար 21ին կրակ բացած է մէկ օր առաջ Աֆրին մուտք գործած Սուրիոյ կառավարական ուժերու ստորաբաժանումներուն եւ անոնց համակիր զինեալներուն վրայ. այս մասին կը հաղորդէ սուրիական <<Սանա>> լրատուական գործակալութիւնը՝ աւելցնելով, որ սպաննուած են սուրիացի երեք զինուորներ:

Թուրքիոյ բանակին կողմէ Սուրիոյ կառավարական ուժերուն դէմ կրակ բանալը հաստատած է նաեւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան՝ Մակեդոնիոյ նախագահին հետ կայացած միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին: Ըստ թրքական <<Անատոլու>> լրատու գործակալութեան՝ Էրտողան պնդած է, որ Փետրուար 20ի երեկոյեան Աֆրինի մօտեցած զինուորական շարասիւնին մէջ եղած են շիի խմբաւորումներ, <<սակայն մեր հրետանիի գործողութիւններուն իբրեւ արդիւնք՝ անոնք ստիպուած եղան նահանջելու>>:

Յիշեցնենք, որ թուրք պաշտօնեաները զգուշացուցած էին, որ եթէ Սուրիոյ կառավարական ուժերը աջակցութիւն ցուցաբերեն Սուրիոյ քիւրտերուն, որոնց դէմ թրքական կողմը աւելի քան ամիսէ մը ի վեր ռազմական գործողութիւն կ՛իրականացնէ Աֆրինի մէջ, ապա այդ մէկը վատ հետեւանքներ պիտի ունենայ:

Էրտողան նախապէս յայտարարած էր, որ Թուրքիոյ զինեալ ուժերը յառաջիկայ օրերուն պիտի շրջապատեն Աֆրին քաղաքը, արգիլելու համար քիւրտ զինեալներուն տրամադրուող օժանդակութիւնները:

Հակառակ թրքական ջանքերուն, Սուրիոյ կառավարամէտ ուժերը Երեքշաբթի գիշեր սկսան մուտք գործելու Աֆրին: Սուրիական պետական պատկերասփիւռի կայանը ցոյց տուաւ կառավարամէտ զինեալներ, որոնք Սուրիոյ դրօշը բարձրացուցած եւ <<Սուրիացի ժողովուրդը մէկ է>> բացագանչելով՝ կ՛անցնէին քրտական ուժերու զինանշանները կրող անցարգելներէ:

Միւս կողմէ, քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ուժերու բանբեր Նուրի Մահմուտ յայտարարութիւն մը հրապարակելով՝ յայտնեց, որ քրտական ուժերը Դամասկոսին կոչ ուղղած են Թուրքիոյ յարձակումը ետ մղելու ջանքերուն օժանդակելու: <<Սուրիական կառավարութիւնը դրական ընկալեց հրաւէրը, անսաց պարտականութեան կանչին եւ Փետրուար 20ին ուժեր ուղարկեց՝ սահմաններուն վրայ դիրքեր գրաւելու եւ մասնակցելու Սուրիոյ հողային ամբողջականութեան ու անոր սահմաններու պաշտպանութեան>>:

0222afrin

Նախքան այդ, գերմանական <<Տի.Վի.Էյ.>> լրատու գործակալութեան հետ զրոյցի մը ընթացքին, Աֆրինի քիւրտ պաշտօնատարներէն մէկը պնդած էր. <<Մենք շաբաթներ շարունակ այս հարցին շուրջ բանակցած ենք կառավարական զօրքերուն հետ, սակայն ռուսերը խոչընդոտներ կը ստեղծեն: Մենք հաւաստի տեղեկութիւններ ունինք, որ Ռուսիա Թուրքիոյ կանաչ լոյս տուած է եւ անոր արտօնած է ջնջել Աֆրինի մէջ գտնուող ամէն բան>>:

Իր կարգին, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց, որ <<Աֆրինի մէջ կացութիւնը կրնայ դէպի լուծում ուղղուիլ՝ Դամասկոսի եւ Անգարայի միջեւ ուղղակի երկխօսութեան ճամբով։ Կը մերժե՛նք արտաքին ուժերուն կողմէ Աֆրինի մէջ կացութիւնը շահագործելու փորձերը>>:

 


comments

Advertisement