Հակառակորդի Գնդակով Նահատակուած Է 20ամեայ Գրիգոր Եղոյեան

By Asbarez | Friday, 23 February 2018



ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ - 22 Փետրուարին, Արցախի Պաշտպանութեան բանակի (ՊԲ)  հիւսիսարեւելեան դիրքերուն վրայ հակառակորդին կողմէ արձակուած կրակոցէն զոհուած է ՊԲ զինծառայող, 1998ի ծնունդ Գրիգոր Կարապետի Եղոյեանը:

Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը կիսէ կորստեան ծանր վիշտը եւ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ մահացած զինծառայողի ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն:

Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան Փետրուար 22ին ստորագրեց հրամանագիր մը՝ Արցախի Հանրապետութեան պետական սահմանը պաշտպանելու ընթացքին ցուցաբերած արիութեան համար ԱՀ պաշտպանութեան բանակի N զօրամասի զինծառայող Գրիգոր Եղոյեանը յետ մահու պարգեւատրելով «Մարտական ծառայութիւն» շքանշանով:

Գրիգոր Եղոյեան Շիրակի մարզի Ախուրեան գիւղէն էր: Ախուրեանի համայնքապետ Արծրուն Իգիթեան «Հրապարակ»ի թղթակիցին յայտնած է, որ Գրիգորի ծնողները Ռուսիա կը գտնուին, ուր մեկնած են աշխատելու, իսկ ինք առաւել քան մէկ տարիէ ի վեր կը ծառայէր բանակին մէջ:

comments

Advertisement