Հոլանտայի Խորհրդարանը Վաւերացուց Ցեղասպանութիւնը Ճանչցող Բանաձեւը

By Asbarez | Friday, 23 February 2018




ԼԱ ՀԷՅ, «Ռոյթըրզ» - Հինգշաբթի, Փետրուար 22ի երեկոյեան, Հոլանտայի խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան առնչուող նախագիծերու քննարկում, որուն աւարտին խորհրդարանի անդամները՝ «ձայներու ջախջախիչ մեծամասնութեամբ» վաւերացուցին Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւը, հակառակ կառավարութեան ընդդիմութեան։

Բանաձեւին վաւերացումը հաւանաբար աւելիով պիտի սրէ Հոլանտայի եւ Թուրքիոյ միջեւ արդէն իսկ լարուած յարաբերութիւնները։

Քննարկումի ընթացքին, Հոլանտայի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Սիկիրտ Քաակ յայտարարեց, թէ Հոլանտայի կառավարութեան ներկայացուցիչ մը այս տարի ներկայ պիտի ըլլայ Երեւանի մէջ կայանալիք՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման արարողութեան։ Քաակ աւելցուց, որ այս որոշումը պէտք չէ մեկնաբանուի իբրեւ Ցեղասպանութեան առնչութեամբ դիրքորոշում, այլ յարգանքի մատուցում՝ «1915ի ահաւոր դէպքերու» զոհերուն։

Նշենք, որ Հոլանտայի համախոհական կառավարութեան մէկ հատուածը կ՛ընդդիմանայ այս հանգրուանին Ցեղասպանութեան առնչուող բանաձեւերու վաւերացման։

Քաակ պնդեց, թէ կառավարութիւնը աւելի ուշադիր կ՛ուզէ ըլլալ այս հարցով, միաժամանակ ընդունելով, որ կասկած չկայ, թէ հայերուն դէմ «լայանածաւալ սպանդներ տեղի ունեցած են»։

Բանաձեւին հեղինակը չորս կուսակցութիւններէ բաղկացած համախոհական կառավարութեան մաս կազմող Քրիստոնէական միութիւն կուսակցութենէն Ճոյէլ Վուրտեւինտն է: Անոր կողմէ շրջանառութեան մէջ դրուած էր Հայոց Ցեղասպանութեան առնչութեամբ երկու նախագիծեր: Առաջինը՝ Հոլանտայի խորհրդարանին կողմէ 2004ին վաւերացուած՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու վերաբերող որոշումին աւելի՛ յստակ տարբերակն էր, իսկ երկրորդ նախագիծը կը պահանջէր նախարարի մակարդակով ամէն տարի Ապրիլ 24ին այցելել Ծիծեռնակաբերդ եւ յարգանքի տուրք մատուցել:

Յիշեցնենք, որ այս քննարկումը նախատեսուած էր կատարել Փետրուար 15ին, սակայն աւելի ուշ յետաձգուած էր:

comments

Advertisement