Այլեւս Երբեք-ը պէտք չէ միայն կարգախօս ըլլայ - Մատակասքարի Արտաքին Գործոց Նախարար

By Asbarez | Saturday, 24 February 2018

 

0224madagaskar-MFA

<<Որպէս մարդկութեան հանդէպ յարգանքով լեցուած անձեր՝ մենք միշտ յիշողութեան պարտաւորութիւն ունինք այն անմեղ զոհերուն նկատմամբ, որոնք պարզապէս կ՛ուզէին ապրիլ։ Այն երեխաներուն, պատանիներուն, երիտասարդներուն, կանանց եւ տղամարդոց հանդէպ, որոնք պարզապէս կը խնդրէին թոյլ տալ իրենց ապրիլ: Ամբողջ մարդկութիւնը պէտք է դաս քաղէ այս սոսկալի դէպքերէն, որպէսզի պատմութիւնը այլեւս այս ուղղութեամբ չկրկնուի: <<Այլեւս Երբեք>>ը պէտք չէ միայն կարգախօս ըլլայ. մենք այդպէս պէտք է ապրինք: Մենք կը խոնարհինք ու մեր յարգանքի տուրքը կը մատուցանենք բոլոր հայ զոհերու յիշատակին>>, Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի յուշամատեանին մէջ այս խօսքերը գրեց Մատակասքարի արտաքին գործոց նախարար Հանրի Ռապարի-Նժաքա, որ Հայաստան կը գտնուի աշնան Երեւանի մէջ կայանալիք Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան 17րդ գագաթնաժողովին իր երկրի նախագահի այցի կազմակերպման նպատակով:

Ան իրեն ուղեկցող պատուիրակութեան անդամներուն հետ նախ ծաղիկներ խոնարհեց Ծիծեռնակաբերդի բարձունքին՝ անմար կրակին մօտ, ապա շրջայց կատարեց թանգարանին մէջ եւ ծանօթացաւ Հայոց Ցեղասպանութեան պատմութեան:

Լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին դիւանագէտը յայտնեց, որ մինչեւ Հայաստան գալը արդէն ծանօթ էր այս իրադարձութիւններուն եւ ցաւով արձանագրեց, որ աշխարհի մէջ այսօր ալ <<այսպիսի սոսկալի դէպքեր կը կրկնուին>>: Պատասխանելով <<Արմէնփրէս>>ի հարցումին՝ թէ <<Հայաստան ստանձնած է առաջամարտիկի դեր ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման գործին մէջ. ինչպէ՞ս կրնայ Մատակասքարը աջակցիլ մեր երկրին այդ հարցով>>, Հանրի Ռապարի ըսաւ. <<Մատակասքարի ներկայ ղեկավարութիւնը մեծ յարգանք ունի մարդու իրաւունքներու եւ մարդասիրութեան նկատմամբ, անշուշտ, մենք, որ կը գտնուինք մեր բարեկամ երկրին մէջ, ատիկա արդէն կը նշանակէ, որ Հայաստանի հետ կը կիսենք նոյն արժէքները>>:

 



comments