By Asbarez | Tuesday, 27 February 2018
ՄԱԿ, <<Ռոյթըրզ>> - Շաբաթ, Փետրուար 24ին, ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդը միաձայնութեամբ վաւերացուց Սուրիոյ մէջ ռազմական գործողութիւնները 30 օրով դադրեցնելու թիւ 2401 որոշումը:
ՄԱԿի մօտ Ռուսիոյ մնայուն ներկայացուցիչ Վասիլի Նեպենզիա ըսաւ, որ այս որոշումին մէջ յստակօրէն բանաձեւուած է, թէ անիկա չի վերաբերիր <<Իսլամական պետութեան>> եւ <<Ճապհաթ Նուսրա>>ի նման ահաբեկչական խմբաւորումներու դէմ գործողութիւններուն՝ աւելցնելով, որ զինեալ կարգ մը խմբաւորումներ խախտեցին լարուածութեան մեղմացման համաձայնութիւնը: Ան շեշտեց, թէ ահաբեկչութեան դէմ պայքարը պատրուակ պէտք չէ հանդիսանայ անօրինական օրակարգեր գործադրելու համար Սուրիոյ մէջ, ճիշդ այնպէս, ինչպէս կ՛ընէ Միացեալ Նահանգները:
<<Մենք մտահոգ ենք Սուրիոյ ուղղուած ամերիկեան սպառնալիքներով: Թշնամական այս ոճը պէտք է վերջ գտնէ>>, ըսաւ ան:
Իր կարգին, ՄԱԿի մօտ Սուրիոյ ներկայացուցիչ Պաշշար Ճաաֆարի շեշտեց, որ այս որոշումը պէտք է գործադրուի բոլոր սուրիական տարածքներուն մէջ՝ ներառեալ Աֆրինի, Իսրայէլի բռնագրաւած Կոլանի եւ Ամերիկայի կողմէ բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ:
Ֆրանսիս պապը եւս կոչ ըրաւ անյապաղ դադրեցնելու Սուրիոյ մէջ բռնարարքները՝ աւելցնելով, որ ամենականուխ առիթով մարդասիրական միջանցքներ պէտք է հաստատուին:
Հակառակ այս կոչերուն, թրքական հրետանին ու օդուժը կը շարունակեն բուռն կերպով ռմբակոծել Աֆրինի շրջանի շարք մը գիւղեր:
Նշենք, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը ողջունած էր Սուրիոյ մէջ 30 օր զինադադար հաստատելու գծով ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդին միաձայնութեամբ որդեգրած վերոնշեալ որոշումը, սակայն պնդած էր, թէ անիկա Թուրքիոյ գործողութեան չ՛առնչուիր:
Իրենց կարգին, քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատները Կիրակի օր յայտնեցին, որ քրտական ուժերը յանձնառու կը մնան ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 2401 որոշումին՝ իրենք իրենց վերապահելով ինքնապաշտպանութեան ծիրէն ներս հակադարձելու իրաւունքը, եթէ Աֆրինի մէջ թրքական բանակին կամ անոր դաշնակից զինեալ խմբաւորումներուն կողմէ յարձակումի ենթարկուին:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ