Սուրիացի Քիւրտ ղեկավար մը կը ձերբակալուի Չեխիոյ մէջ

By Asbarez | Tuesday, 27 February 2018

 

0227muslim

ԱՆԳԱՐԱ, <<Թըրքիշ Տէյլի Նիուզ>> - Սուրիոյ քրտական Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան նախկին համանախագահ Սալեհ Մուսլիմ, Թուրքիոյ պահանջով՝ անցեալ շաբաթավերջին <<ժամանակաւոր կերպով>> չեխ ոստիկանութեան կողմէ ձերբակալուեցաւ Չեխիոյ մայրաքաղաք Փրակի մէջ:

Անգարայէն պաշտօնատարներ կը յայտնեն, թէ անոր արտայանձնումը կը պահանջուի Թուրքիոյ կողմէ։ <<Նոյնիսկ եթէ չարտայանձնուի, ան պիտի զգայ, թէ Թուրքիան զինք կը հետապնդէ>>, կը յայտնեն անոնք՝ աւելցնելով, որ նկատի ունենալով այն իրողութիւնը, որ <<Ինթըրփոլ>>ը չէ ընդառաջած Մուսլիմը ձերբակալելու Թուրքիոյ պահանջին, անոր դէմ ուղղակի հետաքննութիւն տեղի չէ ունեցած:

Թրքական ապահովական մարմինները Չեխիոյ ոստիկանութեան բացայայտած էին Մուսլիմի գտնուած վայրը՝ անոր ձերբակալումը պահանջելով: Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը Փետրուար 12ին Մուսլիմի անունը աւելցուցած էր <<Որոնումի ենթակայ ահաբեկիչներ>>ու ցանկին վրայ:

 



comments