Փայլան Անխղճութիւն կ՛որակէ երեխան զոհելու Էրտողանի պատրաստակամութիւնը

By Asbarez | Wednesday, 28 February 2018

0228Paylan

 

ԵՐԵՒԱՆ, <<Արմէնփրէս>> - Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան քննադատած է նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի՝ երեխայ մը <<յանուն երկրին զոհելու>> պատրաստակամութիւնը:

<<Ասիկա անխղճութի՛ւն է: Իսկ ծափերը՝ զանգուածային խելացնորութիւն>>, գրած է հայ պատգամաւորը:

0228erdo

Նշենք, որ Էրտողան Մարաշի մէջ իր ղեկավարած Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան համակիրներուն առջեւ ելոյթի մը ընթացքին, երբ կը խօսէր Աֆրինի գործողութեան ընթացքին Թուրքիոյ տուած զոհերուն մասին, բեմ հրաւիրած է զինուորական տարազով եւ կարմիր գլխարկով աղջնակ մը՝ ըսելով անոր. <<Կարմիր գլխարկովները չե՛ն լար>>։ Ապա դառնալով ներկաներուն՝ ըսած է. <<Եթէ ի՛նք ալ զոհուի պատերազմի մէջ, զինք եւս դրօշի մէջ կը փաթթենք>>, այնուհետեւ դառնալով լացող աղջկան՝ աւելցուցած է. <<Ամէն ինչի պատրաստ ես, այնպէս չէ՞>>: Ի պատասխան՝ փոքրիկը <<այո>> ըսած է եւ ծափողջոյններով դիմաւորուած:

 



comments