By Asbarez | Wednesday, 28 February 2018
ԵՐԵՒԱՆ, <<Էրմենիհապեր>> - Թուրքիոյ պահանջով Չեխիոյ ոստիկանութեան կողմէ Փետրուար 25ին ձերբակալուած Սալեհ Մուսլիմը, որ Սուրիոյ քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներու քաղաքական թեւը հանդիսացող Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան ղեկավարներէն է, Փետրուար 27ին ազատ արձակուած է, մինչ Թուրքիոյ արդարադատութեան նախարարութիւնը փաստաթուղթեր ուղարկած է Չեխիա՝ Մուսլիմի արտայանձնումին առնչութեամբ։
Այս լուրը հաղորդած <<Պի.Պի.Սի.>>ի թրքական ծառայութիւնը այլ մանրամասնութիւններ չէ հաղորդած Մուսլիմը ազատ արձակելու որոշումին մասին, մինչ Չեխիոյ մէջ Թուրքիոյ դեսպանութիւնը մտահոգութիւն յայտնած է այդ առթիւ։
Յիշենք, որ Թուրքիա Մուսլիմը կ՛ամբաստանէ ահաբեկչական կազմակերպութեան անդամ ըլլալու եւ ահաբեկչութիւն իրականացնելու յանցանքներով։ Իսկ <<Ինթըրփոլ>>ը մերժած էր այդ հիմնաւորումներով Մուսլիմը ձերբակալելու մասին Անգարայի դիմումը։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ