Եւրոտեսիլ 2018-ին Հայաստանը պիտի ներկայացնէ Սեւակ Խանաղեան

By Asbarez | Wednesday, 28 February 2018

 

0228sevakeurovision

ԵՐԵՒԱՆ - Երկուշաբթի օր, Երեւանի մէջ տեղի ունեցած <<Եւրոտեսիլ-2018>> նախընտրական աւարտականին մասնակցող մրցակիցներէն քուէարկութեամբ առաւելագոյն ձայները հաւաքեց Սեւակ Խանաղեան, որ պիտի ներկայացնէ Հայաստանը Փորթուգալի մէջ տեղի ունենալիք <<Եւրոտեսիլ-2018>> մրցումին: Ան պիտի ներկայանայ հայերէն <<Քամի>> երգով:

Սեւակ Խանաղեան հանրածանօթ դարձաւ հայ հասարակութեան, երբ յաղթեց ուքրանական <<Էքս-ֆեքթըր>> երգի մրցումին:

 


comments