Հայաստան-Թուրքիա սահմանը կը վերահսկուի ջերմային տեսախցիկներով

By Asbarez | Thursday, 01 March 2018

0301arm trk border

ԵՐԵՒԱՆ, <<Էրմենիհապեր>> - Թրքական իշխանութիւններուն մօտիկ <<Աքշամ>> թերթը ակնարկ մը նետած է Հայաստանի սահմանին վրայ գտնուող թրքական <<Մուսթաֆա Քոչաք>> սահմանային կէտին՝ գրելով, որ թուրք զինուորները հոն շարունակաբար հսկողութիւն կը կատարեն, նոյնիսկ նուազ 15 աստիճան ցուրտ պայմաններու մէջ:

Թերթը կ՛աւելցնէ, թէ վերջերս սահմանին վրայ տեղադրուած են ջերմային տեսախցիկներ, որոնք ջերմութեան փոփոխութիւնը զգալով՝ կարելիութիւնը կու տան անմիջապէս արձանագրելու որեւէ սահմանահատում, որպէսզի կարելի ըլլայ համապատասխան միջամտութիւն կատարել:

 



comments